Բագրատ Սրբազանի տնային կալանքը երկարաձգուեցաւ երեք ամիսով
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 18-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի նախագահութեամբ, երեք ամիսով երկարաձգեց «Սրբազան պայքար» գործով ամբաստանեալ Բագրատ Արք. Գալստանեանի նկատմամբ սահմանուած տնային կալանքի ժամկէտը։
Դատախազութիւնը իր միջնորդութեան մէջ նշած է, թէ Սրբազան հօր հասարակական դիրքն ու ազդեցութիւնը հիմք կու տան ենթադրելու, որ ազատ արձակուելու պարագային ան կրնայ խոչընդոտել քննութեան ընթացքը։ Պաշտպան փաստաբան Յովհաննէս Խուտոյեան, հակադարձելով, ըսած է, թէ կարելի չէ խոչընդոտել բանի մը, որուն մանրամասնութիւնները մինչեւ օրս անյայտ կը մնան։
Դատարանը միաժամանակ բաւարարած է պաշտպանութեան միջնորդութիւնը եւ արտօնած է, որ Բագրատ Սրբազան կիրակնօրեայ պատարագներուն մասնակցի Մայր Աթոռի Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Դատական նիստի ընթացքին Բագրատ Սրբազան յայտարարած է, թէ ինք եւ իր համակիրները «ահաբեկիչներ» չեն, այլ «հակաահաբեկիչներ»։ «Այն, որ մենք ահաբեկիչներ չենք, անառարկելի է։ Նոյնիսկ եթէ ուզէինք ըլլալ, չէինք կրնար։ Մենք չենք ահաբեկուածը, այլ իշխանութիւններն են վախցած», ըսած է ան։
Բագրատ Արք. Գալստանեան ձերբակալուած էր 26 յունիս 2025-ի գիշերը։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէին համաձայն, «Սրբազան պայքար» շարժման մասնակիցներն ու ղեկավարները կը մեղադրուին ահաբեկչական գործողութիւններ եւ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը զաւթելու ուղղուած քայլեր նախապատրաստելու յանցանքով։