Արցախի ՀՕՄ-կը պատրաստէ 100 բժշկական արտահագուստ

Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորը ապրիլ 15֊ին «Շուշիի շրջանային բուժմիաւորում》կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Վիգէն Խաչատրեանին յանձնած է բուժաշխտողներու համար նախատեսուած շուրջ 100 բժշկական արտահագուստ։

Բժշկական արտահագուստը պատրաստուած է՝ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հետ խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք։

ՀՕՄ֊ի Արցախի միաւորը կը շարունէ համաճարակի կանխարգիլման գծով իր աջակցութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.