Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծում Պելճիգայի մէջ

Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ երէկ՝ ուրբաթ 20 հոկտեմբեր 2017-ին Վալոնիայի Պրիւքսէլի խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ 16 ֆրանսախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ կազմուած բարեկամութեան խումբ մը հիմնուեցաւ:

2 օր առաջ նոյնպէս գրասենեակիս նախաձեռնութեամբ, նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը, բաղկացած 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ,  հիմնուած էր  ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ։

Երկու արարողութիւններուն ներկայ էին Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բ. Սահակյանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու՝ Հեղինե Էվինյանը եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձրախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը:

Կարապետեան անդրադառնալով այս մեծ յաջողութեան ըսաւ «Շնորհակալութիւն կուզեմ յայտնել բոլոր ֆրանսախօս եւ հոլանտախօս պելճիքացի քաղաքական գործիչներուն, որոնք ստորագրեցին Արցախի հանրապետութեան հետ այս համագործակցութեան հռչակագիրները: Այս երկու բ բարեկամութեան խումբերու ստեղծումը կը վկայէ  պելճիքացի ամբողջ քաղաքական դասի ցանկութիւնը Արցախի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մասնակից դառնալու Արցախի ժողովուրդին արպէյճանական մեկուսացումէն դուրս հաներու գործընթացին մասին: Ֆրանսայէն ետք, ուր նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը  գոյութիւն ունի 2013-էն սկսեալ, Արցախի ժողովուրդի ձայնը այլեւս աւելի բարձր լսելի պիտի դառնայ նաեւ Պելճիքայի մէջ: Կը շնորհաւորեմ նախագահ Սահակյանը եւ Արցախի իշխանութիւնները եւ վստահ եմ որ այս հռչակագիրը շուտով կը թարգմանուի  գործնական եւ արդիւնաւէտ  աշխատանքներու՝ զանազան ոլորտներու մէջ: Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը պիտի աջակցի այս բարեկամութեան խումբերուն՝ զանոնք յաջողութեան հասցնելու համար »:


Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.