Արցախի Խորհրդարանին Մէջ 5 Քաղաքական Ուժ Պիտի Ներկայացուի. ԿԸՅ–ն Ներկայացուց Նախնական Արդիւնքները

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ կը ներկայացուի 5 քաղաքական ուժ։ Այս մասին, այսօր հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան։

«Կուսակցութիւններու պարագային խորհրդարան կ՝անցնի 5%-ի շեմը յաղթահարած քաղաքական ուժը, կուսակցութիւններու դաշինքի պարագային` 7%-ի շեմը յաղթահարած ուժը։

Այսպէս` Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ-ի մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ 5 քաղաքական ուժ.

-«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքը (40,4%),

-«Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւնը (23,63%),

-Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութիւնը (7,9%),

-«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը (6,4%),

-Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (5,81%)»,- ըսաւ Արցումանեան, ըստ որուն իրաւագրերու բաշխման վերաբերեալ տուեալները պիտի հրապարակուին 7 օր ետք։

https://www.youtube.com/watch?v=J35aqIrJ8No&feature=emb_logo

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.