Արցախի Խաչմաչի եւ Կարմիր Գիւղի Նորածիններու 7 ընտանիքներ 1000-ական Տոլար Աջակցութիւն Ստացած են Բարերարէն
- (0)

Ասկերանի շրջանի Խաչմաչ եւ Կարմիր գիւղ համայնքներու 7 ընտանիքներ երեխայ ունենալու առիթով դարձեալ 1000-ական տոլլար դրամական աջակցութիւն ստացած են Յարութիւնեան ընտանիքին կողմէ
Ըստ «Արցախփրես”-ի՝ Յարութիւնեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Նորայր Յարութիւնեան այցելած է Խաչմաչ եւ Կարմիր գիւղ համայնքներ եւ ընտանիքներուն յանձնած դրամական պարգեւները:
Յարութիւնեանի խօսքով` երազանք է, որ գիւղերու մէջ այնքան երեխաներ ծնին, որ նոր դպրոցներ կառուցելու անհրաժեշտութիւն ըլլայ:
Խաչմաչի բնակչուհի Ալվինա Յարութիւնեան այս առիթով ըսած է, որ ծրագիրէն կ՛օգտուի երկրորդ անգամ եւ գումարը պիտի օգտագործէ ընտանիքի ընկերային վիճակը կայունացնելու համար:
«Խաչմաչ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Սերոբ Մնացականեանի խօսքով մինչեւ ծրագրի իրականացումը գիւղի վիճակը այնքան ալ գոհացուցիչ չէր:
«Տարիներ կ՛ըլլար, երբ, ընդհանուր առմամբ, ծնունդներ չէին ըլլար, բայց երբ Յարութիւնեան եւ Կարապետեան ընտանիքները ծնելիութեան աճը խրախուսելուն ուղղուած բարեգործական ծրագիրներ կ՛իրականացնեն, 2012- 2019 թուականներուն գիւղին մէջ ծնած է 38 երեխայ․ 2018-ին արձանագրուած է 5, իսկ 2019-ին` 6 ծնունդ: