Արցախի Բնակչութեան Հիմնական Մասը Ստիպուած Է Բնակելու Ապաստարաններու Մէջ` Կրելով Բազմաթիւ Զրկանքներ

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան այցելած է Շուշիի եւ Ստեփանակերտի շարք մը ապաստարաններու մէջ բնակող քաղաքացիներուն եւ հետաքրքրուած է անոնց դժուարութիւններով եւ ապաստարաններու պայմաններով: Այս մասին տեղեկացանք Արցախի տեղեկատուական կեդրոնին տարածած հաղորդագրութենէն, Արտակ Բեգլարեան ընդգծած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու պատերազմական յանցագործութիւններուն պատճառով Արցախի բնակչութեան հիմնական մասը ստիպուած է բնակելու ապաստարաններու մէջ` կրելով բազմաթիւ զրկանքներ:

Ան նշած է, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը եւ այլ լիազօր մարմիններ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛աշխատին մարդկային ծանր պայմաններու մէջ գտնուող բնակչութեան աջակցելու ուղղութեամբ: Աշխատակազմին մէջ գործող 116 թէժ գիծին, ինչպէս նաեւ այցելութիւններու միջոցով կը լուծուին քաղաքացիներուն հարցերը եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը տրամադրուին անհրաժեշտ օժանդակութիւն:

Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը շեշտած է, որ Երեւանի մէջ գտնուող իր ներկայացուցիչները աշխուժօրէն կը համագործակցին նաեւ Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին եւ այլ մարմիններու ու կազմակերպութիւններու հետ` Հայաստան տեղափոխուած արցախցիներուն կարիքներու գնահատման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Արձագանգելով բնակչութեան կողմէ հնչող հարցերուն` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նշած է, որ իր լիազօրութիւններուն սահմաններուն մէջ, հայաստանեան, սփիւռքեան եւ արտասահմանեան գործընկերներուն հետ միասին կը դիմեն կարելի բոլոր միջոցներուն, որպէսզի Ազրպէյճանի յարձակումին պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին իրազեկեն միջազգային կառոյցները եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեղմացնեն մարդկային աղէտին հետեւանքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.