Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է ՀՅԴ Հայ դատի պատուիրակութիւնը

19 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն-ՀՅԴ Հայ դատի կառոյցներ համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները: ՀՅԴ Հայ դատի պատուիրակութիւնը վերահաստատած է կուսակցութեան յանձնառութիւնը Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան իրականացման աջակցելու ուղղութեամբ:

Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի կառոյցներուն միջեւ պարբերաբար կազմակերպուող քաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ տարբեր մարզերու մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ:

ՀՅԴ Հայ դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան, Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի (Պէյրութ) պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատու Ներսէս Ներսիսեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի (Երեւան) պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.