Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաքուի Հետ Որեւէ Քննարկում Ընդունելի Պիտի Ըլլայ Միայն Այն Պարագային, Եթէ Ընթանայ Կողմերու Իրաւահաւասարութեան Սկզբունքի Պահպանումով»
Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են Ազրպէյճանի փորձերը` չեղեալ յայտարարելու Արցախի` իբրեւ տագնապի կողմի կարգավիճակը, իսկ բանակցութիւնները ներկայացնել իբրեւ «խօսակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ» եւ Ազրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ ինկած գործընթաց, յայտարարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի լուծման անհրաժեշտ եւ առանցքային բաղադրիչներէն եւ բանակցային լիարժէք ձեւաչափը եւ այդ շրջանակներուն մէջ ընթացող քննարկումներն ու հանդիպումները:
Այդ պարունակին մէջ կարեւոր կը նկատենք ընդգծել, որ Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են Ազրպէյճանի փորձերը չեղեալ նկատելու Արցախի` իբրեւ տագնապի կողմի կարգավիճակը, իսկ բանակցութիւնները ներկայացնել իբրեւ «խօսակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ» եւ Ազրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ ինկած գործընթաց:
Արցախի ժողովուրդը քանի մը անգամ արտայայտած է իր դիրքորոշումը սեփական ապագայի վերաբերեալ, որ վերահաստատուած է 30 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած բազմահազարնոց հանրահաւաքով:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմիցս ընդգծած է բանակցութիւններուն Արցախի լիիրաւ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի` իբրեւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման համար լաւագոյն հարթակի պահպանման կարեւորութիւնը: Մեր տուեալ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:
Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը չի հրաժարիր պաշտօնական Պաքուի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տագնապի լուծման առնչուող հարցերու քննարկումէն: Սակայն անհրաժեշտ կը նկատենք շեշտել, որ որեւէ քննարկում ընդունելի պիտի ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ ընթանայ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ձեւաչափով եւ կողմերու իրաւահաւասարութեան սկզբունքի պահպանումով», նշուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: