Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդ. «Պատրաստ Ենք Ազրպէյճանի Հետ Բանակցութիւններ Վարելու` Արցախը Իբրեւ Լիիրաւ Կողմ Ճանչնալու Պարագային»

«Այնքան ատեն որ Արցախը չէ ընդգրկուած տագնապի լուծման գործընթացին մէջ լիիրաւ հիմունքներով եւ միջազգային բարձր ձեւաչափի շրջանակներու մէջ, Հայաստանը պարտաւորուած ու լիազօրուած է ներկայացնելու եւ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու շահերը միջազգային հարթակներուն մէջ», նշուած է Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմի յայտարարութեան մէջ:

«Այդ պարտաւորութիւններն ու լիազօրութիւններն ամրագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ներպետական եւ միջազգային շարք մը փաստաթուղթերով, որոնց շարքին` ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթերով եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ: Ուստի, մենք պատրաստ ենք Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններ վարելու տագնապի լուծման շուրջ` բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման պարագային, ուր Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցուած է իբրեւ լիիրաւ կողմ», կը նշեն Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան նիստի մասնակիցները:

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնեաներու, խորհրդարանական բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդին մասնակցութեամբ նիստին ընդունուած յայտարարութեան մէջ կը շեշտադրուի, որ անոնք կ՛ընկալեն, որ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած միջպետական համաձայնագիրի հաւանական ստորագրումը կրնայ դառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան ու անվտանգ ապագայի եւ շրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան երաշխաւորման համար կարեւոր հիմք, միաժամանակ «անընդունելի է որեւէ փաստաթուղթ, որ կրնայ անտեսել ղարաբաղեան տագնապի գոյութիւնը, հարուածի տակ դնել անոր արդարացի լուծման հեռանկարը եւ սահմանափակել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ անոր գործադրութեան արդիւնքներուն միջազգային ճանաչման կարելիութիւնները, ներառեալ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին նկատմամբ անոր ստորադասման կեղծ օրակարգով»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.