ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒԵԼՈՒ ԻՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Այս տարի աննախընթաց տարողութեամբ նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-ամեակը: 2 Սեպտեմբեր 1991-ին այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Մարզային խորհուրդի եւ Շահումեանի ենթաշրջանի պատգամաւորները պատմական միացեալ նիստի մը ընթացքին յայտարարեցին շրջանի անկախութիւնը Ատրպէյճանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի կամ Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը՝ պատերազմական ճակատագրորոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Հանրապետութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք, այն օրերուն գործող խորհրդային եւ միջազգային օրէնքներուն հիման վրայ, արցախահայութիւնը լծուեցաւ քայլ առ քայլ կառուցելու իր պետական տունը համապատասխան կառոյցներով՝ յարգելով ժամանակակից ժողովրդավարական կանոններն ու չափանիշները: Իր պատմական հողին վրայ ինքնորոշուելու արցախահայութեան իրաւունքի դրսեւորումին հիման վրայ, յաջորդող երեք տարիներուն ամէնէն դժուար պայմաններուն ներքեւ Արցախի ժողովուրդը կերտեց իր պետական տունը, ստեղծեց մարտունակ պաշտպանութեան բանակ, ազատագրեց հայկական պատմական բերդաքաղաք Շուշին եւ Արցախը Մայր Հայաստանին կապող Բերձորի մարդասիրական միջանցքը։ Նաեւ ազատագրեց նաեւ հայկական աւանդական այլ տարածքներ:
Դժբախտաբար սակայն, 2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հայութեան կրած քաղաքական եւ զինուորական պարտութեան եւ պատերազմէն անմիջապէս ետք՝ Նոյեմբեր 9 2020-ին ստորագրուած հրադադարի տխրահռչակ եռակողմ յայտարարութեան պատճառով վերոյիշեալ նուաճումներուն մեծամասնութիւնը ձեռքէ տուինք: Հայկական զինուժը զգալի կորուստներ կրեց թէ՛ մարդկային զոհերու եւ վիրաւորներու իմաստով, թէ՛ նիւթական պատրաստուածութեան իմաստով: Մեր պատմական բերդաքաղաք Շուշին եւ Հատրութի ամբողջ շրջանը դաւադրաբար յանձնուեցան թշնամի Ատրպէյճանին, իսկ պատերազմական գործողութիւններուն բերմամբ եւ եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ թշնամին իր վերահսկողութեան տակ առաւ հայկական հարիւրաւոր բնակավայրեր՝ անոնց հետ նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան թիրախ դարձնելով բազմաթիւ հայկական պատմամշակութային կոթողներ եւ յուշարձաններ: Իսկ Օգոստոսն 25-ին արդէն թշնամիին յայնձնուեցաւ Բերձորի միջանցքը՝ անոր վրայ գտնուող երեք հայկական բնակավայրերով՝ Բերձոր, Ներքին Սուս եւ Աղաւնոյ: Ներքին Սուսը արդէն շատոնց անմարդաբնակ դարձած էր, իսկ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակիչները, հայուն սովորական բախտին հետեւելով, դարձեալ բռնեցին գաղթի ու տեղահանման ճամբան: Բերձորի միջանցքին փոխարէն սկսած է գործել այլընտրանքային ժամանակաւոր ճամբայ մը, որ Արցախը կը կապէ Մայր Հայաստանին: Այս ճամբուն հայկական բաժինին մէջ տակաւին շինարարական աշխատանքներ կան կատարուելիք, որոնց աւարտէն ետք ամբողջացած եւ վերջնականացած կ՛ըլլայ այլընտրանքային ճամբան, որ կը շրջանցէ Շուշի քաղաքը:
Վերջին իրադարձութիւնն էր թերեւս, որ մղիչ ուժը հանդիսացաւ աննախընթաց տարողութեամբ նշելու Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձը: Երեւանի եւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ «Դիմադրութեան» շարժումը այս առիթով կազմակերպեց հանրահաւաքներ եւ բողոքի զանազան շարժումներ՝ քննադատելով եւ դատապարտելով փաշինեանական իշխանութիւններուն վարած պարտուողական քաղաքականութիւնները ղարաբաղեան տագնապին շուրջ: Այս հանրահաւաքները, զօրակցական հաւաքները եւ բողոքի շարժումները սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն:
Ամէնէն բարացուցականը Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցածն էր: Հազարաւոր արցախահայեր համախմբուած էին վերանորոգելու իրենց կառչածութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հռչակման արարքին մէջ ամփոփուած գաղափարական հանգանակին նկատմամբ, իբրեւ հիմնական քայլ յարմար պահուն իրագործելու համար 1988-ին ծայր առած Արցախեան ազատագրական պայքարին գլխաւոր նպատակակէտը՝ Արցախի միացումը Մայր Հայաստանին:
Տեղի ունեցաւ քայլերթ Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակէն Վերածնունդի հրապարակ: Ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովը բաղկացնող բոլոր հինգ քաղաքական խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները, խորհրդարանի նախագահութիւնը, պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններէն ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին Ստեփանակերտ զօրավիգ կանգնելու համար արցախահայութեան պահանջներուն: Բազմամարդ քայլերթէն ետք տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որուն ընթացքին խօսք առին Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան: Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին առիթով բազմաթիւ շնորհաւորական ուղերձներ ձգած էին զանազան երկիրներէ օտար քաղաքական գործիչներ եւ խորհրդարանականներ:
Հանրահաւաքի աւարտին կարդացուեցաւ համայն հայութեան ուղղուած կոչ-ուղերձ մը, որուն մէջ կը շեշտուէր արցախահայութեան կառչածութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարի սկզբունքներուն նկատմամբ եւ կոչ կ՛ուղղուէր հայութեան համախմբուելու հայկական օրակարգի շուրջ, որուն հիմնական սկզբունքները հետեւեալներն են.
- «Հենց այսօր, պատմական 1991 թուականի սեպտեմբերեան օրերից 31 տարի անց, արտայայտելով ողջ արցախահայութեան տեսակէտն ու կամքը, այս նոյն հարթակից մենք յայտարարում ենք, որ մեր ռազմավարական նպատակը՝ Արցախը մայր հայրենիքին միաւորելու գաղափարը, չի փոխուել եւ, որ շատ կարեւոր է` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը այդ ռազմավարական նպատակին մօտեցնող անհրաժեշտ քայլերից մէկն է:
- Մենք ազդարարում ենք ի լուր աշխարհի, որ Արցախի ժողովրդի համար անընդունելի է Արցախի պետական համակարգը խաթարող ցանկացած կարգավիճակ, եւ ինքնիշխան պետութիւնը Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքների պաշտպանութեան անհրաժեշտ նախապայմանն է:
- Արցախի ապագայի շուրջ բոլոր ներկայ եւ գալիք բանակցողները պարտաւոր են հիմք ընդունել վերոնշեալ արձանագրումները եւ զգուշանալ այն կարմիր գծերից, որոնք նշուել են Արցախի Ազգային ժողովի սոյն թուականի ապրիլի 14-ի յայտարարութեան մեջ: Մենք պահանջում ենք առաջնորդուել միմիայն հնչեցուած օրակարգի դրոյթներով:
- Միջազգային իրաւասու կառոյցներից եւ, առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներից պահանջում ենք հաւատարիմ մնալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործում ամենաբարձր մակարդակով իրենց ստանձնած մանդատին և առաջնորդուել Մինսկի խմբի շրջանակներում ընդունուած սկզբունքներով:
- Համայն հայութեանը, մեր քոյրերին ու եղբայրներին կոչ ենք անում շարունակել ապրել Արցախով, բոլոր հնարաւոր միջոցներով օժանդակել Արցախի վերականգնմանը եւ Արցախին վերաբերուել որպէս համազգային ձեռքբերում ու հպարտութիւն»:
Այս տարուան Փետրուար ամսուն Արցախի Ազգային ժողովը որդեգրած էր պետական օրէնք՝ նախորդ բոլոր երեք պատերազմներուն ընթացքին թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներու կարգավիճակին մասին, անոր յաջորդեց Ապրիլ 14-ին Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն կողմէ որդեգրուած յայտարարութիւնը՝ արցախեան տագնապին վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ կարմիր գիծերու մասին: Այս երկուքը, առաւել Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքին ընթացքին ներկայացուած կոչ-ուղերձի դրոյթները կը հանդիսանան այն հիմնասիւները, որոնց հիման վրայ արցախահայութիւնը պիտի շարունակէ իր ինքնորոշման ազատագրական պայքարը, իր իսկ պատմական հողերուն վրայ: