Արմէն Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Համաձայն Է Մանուէլ Գրիգորեանը Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Եւ Քրէական Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Միջնորդութիւններուն»
Ազգային ժողովին մէջ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ զայն ազատութենէ զրկելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ միջնորդագիրերու քննարկումի ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը եւ նշեց, որ այսքան ժամանակ պատգամաւոր է, բազմաթիւ միջնորդութիւններ եղած են, որոնք քննարկուած են Ազգային ժողովին մէջ, բայց ասոր նմանը չէ եղած:
Ռուստամեանի համաձայն, ասիկա աննախադէպ է, եւ այն դէպքն է, որ փաստերը ճչացող են ու սահմռկեցուցիչ, եւ այս ամէն ինչի հետ կապուած ընդհանուր հասարակական արձագանգն ալ արդէն ակնյայտ է: «Ասիկա խայտառակութիւն է եւ սրբապղծութիւն», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան ընդգծեց, որ պէտք է մտածեն` ինչպէս պէտք է վերացնեն անոր հետեւանքները: «Ասիկա է մեր հիմնական ընելիքը: Որ վերականգնենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը, մեր ազատամարտի ձեռք բերած դարակազմիկ նուաճումները, եւ ոեւէ մէկուն թոյլ չտրուի այս ամէնը օգտագործել ատիկա նսեմացնելու համար: Պէտք է մեր բոլոր խնդիրները ուղղուած ըլլան, որ բացայայտումները կատարուին կարելի եղածին չափ արագ, լիարժէք եւ ամբողջական: Այս է, որ մենք պէտք է ակնկալենք այսօրուան արդարադատութենէն», ըսաւ ան: Ռուստամեանի համաձայն, բոլորս պէտք է նպաստենք, որ այդ բացայայտումները ըլլան սպառիչ բոլորին համար, որպէսզի այլեւս այսպիսի բան մեր պատմութեան մէջ բացառուի:
«Հարուածներ որեւէ ազգ եւ պետութիւն կը ստանայ, բայց որեւէ ազգի եւ պետութեան բարձր մակարդակը կը կայանայ ոտքի կանգնելու, սխալները սրբագրելու եւ յառաջ ընթանալու մէջ», ըսաւ ան:
Պատգամաւորը շեշտեց, որ ասիկա այն դէպքն է, որ չկան տարբեր ճամբարներ: «Բոլորս ալ կը հասկնանք հարցին լրջութիւնը եւ կը հասկնանք մեր պատասխանատուութիւնը: Բնականաբար, երկու միջնորդութիւններուն ալ ՀՅԴ-ն կողմ պիտի ըլլայ», եզրափակեց ան: