Արմէն Ռուստամեան. «Հետզհետէ Բացայայտ Կը Դառնայ, Որ Թշնամին Դուրսէն, Իսկ Օրուան Իշխանութիւնը Ներսէն Նոյն Քաղաքականութիւնը Կը Տանին»
«Ուքրանիոյ մէջ ծաւալուող իրադարձութիւնները վերջնականապէս ամրապնդեցին այն համոզումը, որ այլեւս չի գործեր միջազգային կանոններու վրայ հիմնուած, այսպէս կոչուած Հելսինքեան աշխարհակարգը: Տեղի կ՛ունենան աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներ, որոնք ուղղուած են միջազգային կեդրոններու շուրջ ազդեցութեան նոր գօտիներու յառաջացման», երէկ «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագիրով քննարկման ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
Այս պարունակին մէջ, ըստ անոր, ակնյայտ է, որ Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը ունի շրջանային լայն ընդգրկում եւ կրնայ կանխորոշել հայկական խնդիրներու լուծման եւ հայոց պետականութեան զարգացման ընթացքը. «Հետեւաբար, կենսական զիջումներէ խուսափելու համար անհրաժեշտ է ունենալ եւ պահպանել միմիայն հայեցակարգուած մօտեցում: Իսկ ի՞նչ կը կատարուի ներկայ պահուն: Ներկայ պահուն միասնական ճակատով հակահայկական ու համաթուրանական ծրագիրները կեանքի կոչելու Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի լայնածաւալ գործողութիւններուն զուգահեռ, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղած են խաղաղութեան դարաշրջան բանալու ցնորապաշտական գաղափարի իրագործման: Ակնյայտ է, որ այս երկու գործընթացները տեսականօրէն նոյնիսկ կարելի է համատեղել, եթէ կարելի ըլլայ տեղաւորել թուրք-ազրպէյճանական ծրագիրները շրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու գաղափարին մէջ: Ուստի եթէ Երեւանը կը ձգտի այդպիսի խաղաղութեան, պարտաւոր է չխոչընդոտել թուրք-ազրպէյճանական նպատակներուն, սպասարկել թուրք-ազրպէյճանական շահերուն: Ատոր ականատեսը կը դառնանք այս օրերուն: Ատոր վկայութիւնն էր Շուշիի հակահայ հռչակագիրը դատապարտելէ հրաժարելու իշխանութիւններուն պահուածքը», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան աւելցուց, որ պարզ է, որ Թուրքիոյ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատում անհրաժեշտ է այնքանով, որքանով ատիկա կրնայ ծառայեցուիլ իր ու Ազրպէյճանի էական պահանջներու բաւարարման: «Պատահական չէ, որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը միաժամանակ հանդէս եկած են յարաբերութիւններ հաստատելու բնոյթով վերջնագրային այնպիսի առաջարկներով, որոնցմէ հրաժարիլ, իրենց համոզումով, Հայաստանը ներկայ պայմաններուն մէջ չի կրնար: Անոնք փաստացի ուժի կրկնակի սպառնալիքով կը փորձեն ըստ կարելւոյն արագ ստանալ առաւելագոյնը 44-օրեայ պատերազմէն իրենց համար բարենպաստ արդիւնքներ: Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի կողմէ խաղաղութիւն հաստատելու անվերապահ պատրաստակամութիւնը կ՛ենթադրէ կանգ չառնելով անդառնալի կենսական զիջումներու առջեւ, ստանալ ամէն գնով հաշտութիւն: Ակնյայտ է, որ այդ գնով ձեռք բերուած խաղաղութեան հետեւանքը այս շրջանին մէջ հայկական գործօնի վերացումն է եւ հայոց ինքնիշխան պետականութեան փլուզումը: Հետեւաբար, մենք պարտաւոր ենք Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ մտնել` խստիւ սահմանելով մեզի համար կենսական կարմիր գիծերը, որովհետեւ այդ շրջանակէն դուրս անդառնալի զիջումներով ուղեկցուող մեր հայկական ինքնութեան կորուստն է եւ ազգային պետականութեան կործանումը: Հետզհետէ աւելի բացայայտ կը դառնայ, որ թշնամին դուրսէն, իսկ օրուան իշխանութիւնը ներսէն վերջին հաշուով նոյն քաղաքականութիւնը կը տանին` ամէն ձեւով ստիպելու հայ ժողովուրդին դադրեցնելու սեփական շահերու համար պայքարը», յայտարարեց ընդդիմադիր պատգամաւորը: