Արմէն Աշոտեանի կալանքը փոխարինուած է տնային կալանքով
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Վերաքննիչ հակակոռուպցիոն դատարանը որոշած է Արմէն Աշոտեանի նկատմամբ կիրառուած կալանքը փոխարինել տնային կալանքով։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ յայտնած է փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան։
Ան նշած է, որ Աշոտեանի ազատազրկման կարգավիճակի փոփոխութիւնը պիտի գործադրուի նոյն օրը։
Արմէն Աշոտեան ձերբակալուած էր յունիս 5-ին։ Ըստ մեղադրանքին՝ ան, այլ պաշտօնատար անձերու հետ հանցակցութեամբ, չարաշահած է իր պաշտօնական դիրքը եւ օժանդակած ֆինանսներու նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանին ու անոր որդիին՝ Արտեոմ Խաչատրեանին, ձեռք բերելու օտարման ոչ ենթակայ գոյք։