«Արմենիա Միջազգային Օդանաւակայաններ»-ը 20 Միլիոն տոլարի Ներդրում Պիտի Կատարէ Գիւմրիի Օդակայանին Մէջ

«Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը կը նախատեսէ 20 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել Գիւմրիի օդակայանի զարգացման համար: Այս մասին յայտարարեց ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտեն Հոկտեմբեր 16-ին հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ` յայտարարելով եւրոպական նոր` Ryanair իրլանտական ընկերութեան մուտքը հայկական օդափոխադրութեան շուկայ: Ան չուերթներ պիտի իրականացնէ դէպի Երեւան եւ Գիւմրի` ամէն տարի աւելցնելով չուերթներու յաճախականութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.