Արծուիկ Մինասեան. «Հայ Ժողովուրդը Կրնայ Չեղեալ Յայտարարել Այն Գործարքը, Որ Կրնայ Տեղի Ունենալ»
«Մեր քննարկումներուն նպատակը յստակ բացայայտելն է իշխանութեան կողմէ սահմանադրական հաստատութիւններու ձախողութեան, սահմանադրական մարմիններու զաւթման յստակ ծրագրաւորուած մօտեցումները` ի խնդիր իրենց ազգակործան ծրագիրներու իրականացման, որ տուեալ պարագային պայմանաւորուած է նոյնինքն հայոց պետականութեան սպառնացող վտանգներով», այս մասին «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագիրով քննարկման ժամանակ, ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
«Պիտի ըլլան առանձին քննարկումներ, փաստերով պիտի ներկայացնենք ամբողջը, որպէսզի ժողովուրդն ալ տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ իրաւական, հակաքաղաքական մեթոտներով կ՛իրականացուի այս զաւթման գործընթացը: Պիտի իրականացուին առանձին ներկայացումներ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններուն ուղղութեամբ` դատախազութիւն, ոստիկանութիւն եւ այլն: Պիտի ներկայացուին զինուած ուժերու կազմալուծման ուղղուած գործողութիւնները` իբրեւ յատուկ նպատակային գործողութիւններ: Այդ մեքանիզմներու խեղաթիւրումները, որոնք այսօր առկայ են Ազգային ժողովին մէջ, երբ իշխող քաղաքական մեծամասնութիւնը ակնյայտօրէն կը զաւթէ միջազգային խորհրդարանական սկզբունքով, պետական օրէնսդրութեամբ ամրագրուած հասանելի որոշակի լծակներ, ինչպէս կը ձեւախեղուի խորհրդարանական համակարգը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան համակարգը, պատկերասփիւռի եւ ռատիոյի յանձնախումբը», ըսաւ ան:
Պատգամաւորը շեշտեց, որ իրենց նպատակն է ներկայացնել այս ուղղութիւնները, որպէսզի ժողովուրդը տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ դաւադիր ծրագիր կ՛իրականացուի հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
«Հայ ժողովուրդը` իր միասնականութեամբ, կրնայ չեղեալ յայտարարել այն գործարքը, որ կրնայ տեղի ունենալ: Ատոր համար շատ կարեւոր է հանրութեան ճիշդ ներկայացնել այս ամէնը: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ իշխանութեան նենգափոխումներուն` սկսած իրենց օգտագործած բառապաշարէն, աւարտած` բանակցային գործընթացը խեղաթիւրելով, ձեռնածութիւններով», ըսաւ ան: