Արծուիկ Մինասեան. «Իշխանափոխութիւն Անպայման Պիտի Ըլլայ»

«Դիմադրութեան» շարժումը ապակեդրոն եւ ցանցային պայքարի միջոցով պիտի մեծցնէ գաղափարական եւ քարոզչական աշխատանքներու դերը, որպէսզի պայքարի դուրս եկած ոեւէ քաղաքացի հասկնայ, թէ յանուն ինչպիսի՛ Հայաստանի կը պայքարի: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

«Դիմադրութեան» շարժումը մարզերուն մէջ պէտք է ունենայ տարբեր ուղղութիւններով հաստատութիւններ` քաղաքական, քարոզչական, մասնագիտական, առանձին ուղղութիւն, որ պիտի պայքարի քաղաքական բանտարկեալների իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով եւ այլն: Երեւանի եւ մարզերուն մէջ պիտի ըլլան համախմբման գործողութիւններ, որովհետեւ արթննալու փուլը արդէն եղաւ: «Դիմադրութեան» շարժման դրական մթնոլորտը հսկայական է», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ անոր, անկէ ետք շարժումը կու գայ նոր փուլի, երբ գաղափարական հէնքի վրայ բազմապատկուի շարժման մասնակիցներուն թիւը եւ կարելի ըլլայ իրականացնել սահմանադրական չափանիշը` խորհրդարանի միջոցով ընտրել նոր վարչապետ:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, շարժումը կրկին պիտի վերադառնայ ապակեդրոն պայքարի գաղափարին` այս անգամ ցանցային գաղափարը աւելի զօրացնելով:

Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ այս իշխանութիւնը մեր հասարակութեան մէջ այնքան ատելութիւն ներարկած է, որ մարդը դադրած է մտածելէ այս ամէնուն մասին:

Արծուիկ Մինասեանի դիտարկումով` Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը, խեղաթիւրելով խորհրդարանական կառավարման համակարգը, մարդոց մօտ տպաւորութիւն ստեղծած է, թէ կարեւորը անձն է, որ կա՛մ փրկիչ է, կա՛մ ոչ. ան շարունակելով խօսքը ըսաւ, թէ «Դիմադրութեան» շարժումը կը բացառէ անձի պաշտամունք եւ անհատի միանձնեայ որոշում, եւ ճիշդ այս սկզբունքին վրայ պիտի հիմնուի  անցումային կառավարութիւնը: Անցումային կառավարութեան երկրորդ առաքելութիւնը հասարակութիւնը նոր ընտրութիւններուն գաղափարապէս պատրաստելը պիտի ըլլայ: Մարդիկ պէտք է հասկնան, որ ոչ թէ անձ կ՛ընտրեն, այլ ծրագիր եւ խումբ:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, եթէ «Դիմադրութեան» շարժումը չըլլար, այս իշխանութիւնը արդէն պիտի ստորագրէր պարտուողական նոր փաստաթուղթեր` վերջնականապէս թաղելով հայ ժողովուրդին նպատակները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.