Նայիրի Մկրտիչեան
Լեզուն ազգի գոյատեւման հիմնական ազդակն է, ինքնութեան ժառանգութիւնը, զոր կորսնցնելով, կը կորսնցնենք մեր լինելութեան պահպանման հիմնասիւնը։ Լեզուն նաեւ լեզուամտածողութիւն է, ապրում, ներշնչանք, որուն դրսեւորման ամենավառ վկայութիւնը Վազգէն Շուշանեանի հետեւեալ տողերն են.
«Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ` աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,-քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ` պատմութեան մէջ: Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»:
Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ լեզուի պաշտպանութիւնը ազգի յարատեւութեան պաշտպանութիւնն է, իսկ այդ պաշտպանութիւնը պէտք է իրականացնել ղեկավարման ճիշդ ձեւով եւ յատուկ ռազմավարութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է, իսկ տուեալ լեզուն ունի երկու ճիւղ, որոնցմէ մէկը արեւմտահայերէնն է։ Տարբեր տուեալներու համաձայն՝ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով կը հաղորդակցին մօտ 1,7 միլիոն մարդ, բայց այդ թիւը օրէ օր կը նուազի։ Այսօր, տարբեր պատճառներով, հայկական Սփիւռքի պայմանները հետզհետէ լեզուի պահպանման ու զարգացման համար կը դառնան աննպաստ եւ անհեռանկար։ Այնտեղ մայրենիի ուսուցումը առաւելաբար կը կրէ ոչ թէ ուսուցողական, այլ ճանաչողական բնոյթ, դասաւանդողներու մեծ մասն ալ ոչ մասնագէտներ են, իսկ դպրոցէն ներս լեզուն սորվեցնելու համար անհրաժեշտ են յատուկ մանկավարժներ եւ լեզուի գիտակներ, որոնց շարքերը նոյնպէս կը նօսրանան:
Եթէ Մուշեղ Իշխան ականատես ըլլար Սփիւռքի դպրոցներու այսօրուան իրավիճակին, պիտի համոզուէր, որ «հայ լեզուն տունն է հայուն», բայց արդէն ոչ «աշխարհի չորս ծագերուն», եւ ձուլման «բուք»ը շատերուն կը սպառնայ։
Ըստ Բրիտանացի փիլիսոփայ, տրամաբանող, պատմաբան, գրող, Պերթրանտ Ռասըլի (1872-1970), «ազգերը չեն մեռնիր, անձնասպան կ’ըլլան», եւ կասկածէ վեր է, որ այդ անձնասպանութեան ամէնէն ազդու խթանը կորուստն է մայրենիին, որուն մէկ մասնիկը արեւմտահայերէնն է՝ մեր մշակութային աւանդոյթներուն եւ ժառանգութեան հաղորդակցութեան գեղեցիկ ու մեծ դարպասներէն մէկը։ Հետեւաբար, արդէն ժամանակն է (թէեւ շատ ուշացած ենք), որ արեւմտահայերէնի պահպանման ու տարածման երաշխաւորը դառնայ Հայաստանի պետութիւնը, եւ ոչ թէ օրէ օր հիւծող Սփիւռքը։
Մենք ունինք պետութիւն, որ պարտաւոր է պաշտպանել իր մշակութային գանձերը, եւ պէտք է պաշտպանէ օրէնսդրական յստակ կարգաւորումով, իսկ պաշտպանութեան գործելաձեւերէն մէկը ուսուցման կիրառումն է։ Արեւմտահայերէնը, որ այսօր Հայաստանի կրթական կեդրոններէն ներս կը դասաւանդուի միայն՝ «Աւետիսեան», եւ իբրեւ դասական ուղղագրութիւն, «Իրական» դպրոցներէն ներս, որպէս կրթական առարկայ պէտք է դասաւանդուի հայաստանեան բոլոր դպրոցներուն մէջ, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ ոչ միայն ծանօթ ըլլայ լեզուի այս ճիւղին, այլեւ հասկնայ եւ կարենայ շփուիլ անով, այլ խօսքով՝ դառնայ զայն կրողը։ Արեւմտահայերէն հսկայական գրականութիւն ունինք, եթէ լեզուն կորսնցնենք, կը կորսնցնենք նաեւ այդ գրականութիւնը վայելելու հնարաւորութիւնը։
Ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս դասաւանդել
Հայաստանի դպրոցներէն ներս, արեւելահայերէնին զուգահեռ, արեւմտահայերէնը պէտք է դասաւանդուի իբրեւ լեզու եւ ոչ միայն գրականութիւն. գործող կրթական ծրագրին մէջ ներառուած արեւմտահայերէն գրականութիւնը անշուշտ անհրաժեշտ է՝ տուեալ գրականութեան մթնոլորտին ու ծալքերուն ծանօթանալու համար, բայց բաւարար չէ լեզուն հասկնալու, եւ զայն կրողին հետ հաղորդակցելու կամ զինք հասկնալու համար, մանաւանդ, եթէ նկատի առնենք, որ այսօրուան արեւմտահայերէնը՝ զարգացում ապրելով, բաւական հեռու է Գրիգոր Զոհրապի, Վարուժանի կամ այլ դասականներու արեւմտահայերէնէն:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման ժամերուն անհրաժեշտ է անցնիլ.
-Հնչիւնաբանութիւն– որ կ’ենթադրէ ուղղախօսութիւն, այսինքն՝ լեզուի արտասանական չափանիշները, ուղղագրութիւնը եւայլն։
–Բառագիտութիւն– Բառային համակարգը, բառակազմութիւնը, բառի իմաստն ու անոր համեմատութիւնը արեւելահայերէնի հետ, որովհետեւ շատ յաճախ նոյն բառը արեւելահայերէնի մէջ կրնայ հակառակ իմաստը ունենալ, օրինակ ձգել բառը արեւելահայերէնի մէջ կը գործածուի իր քաշել իմաստով, իսկ արեւմտահայերէնի մէջ՝ թողուլ, արձակել իմաստով։
-Ձեւաբանութիւն– Բառերու քերականական կարգերն ու քերականական ձեւերը։
-Շարահիւսութիւն– Բառերու կապակցուիւնն ու նախադասութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ շարահիւսութեան հիման վրայ ստեղծուող կէտադրութիւնը։
Այս բոլորը պէտք է ուսուցանել ժամանակակից արեւմտահայերէնով։ Լեւոն Շանթի, եւ այլ մեծերու ստեղծած գրականութեան հիման վրայ, արեւմտահայերէնի դասաւանդումը գործնական չէ, որովհետեւ դասականներու լեզուի մակարդակը շատ յաճախ հասանելի չէ նոյնիսկ արեւմտահայուն, հետեւաբար, այդ մէկը հիմք ընդունիլ, որպէսզի ներկայ շփումը հասանելի ըլլայ, անիմաստ է։ Պէտք է ապաւինիլ այժմէական ստեղծագործութիւններուն կամ հրապարակումներուն՝ ցանկալի արդիւնքի մը հասնելու համար։
Պէտք է աշակերտը հասցնել այն մակարդակին, որ ան ի վիճակի ըլլայ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն փոխադրութիւններ կատարել եւ նոր ուղղագրութեամբ գրուած գրութիւնները վերածէ դասական ուղղագրութեան կամ հակառակը։
Արեւմտահայերէնի ուսուցման ժամանակ պէտք է աշակերտը զերծ պահել տնային յանձնարարականներէն, այլապէս ի սպառ կը կորսնցնենք աշակերտին հետաքրքրութիւնն ու սէրը արեւմտահայերէնի նկատմամբ։
Պէտք է բացատրել շատ պարզ եւ յառաջանալ շատ դանդաղ քայլերով։
Այդ բոլորը պէտք է իւրացնել տալ դասարանէն ներս կատարուող գործնական աշխատանքներու միջոցով։
Պէտք է կեանքի կոչել մշակուած յատուկ ծրագիր մը, դասագիրք եւ աշխատանքային տետրակ։
Առարկան դասաւանդողը անպայման պէտք է ըլլայ լեզուի կրողն ու միաժամանակ արեւելահայերէնին տիրապետող, որպէսզի աշակերտին հասանելի դարձնէ երկու ճիւղերուն տարբերութիւններն ու նրբութիւնները։
Այս բոլորին կիրառումը անկասկած կու տայ դրական արդիւնք եւ կը հրաժարինք այն կարծիքէն, որ արեւմտահայերէնի ուսուցումը կը խճճէ երեխան եւ շփոթի կը մատնէ:
Այն ժամանակ կարելի է վստահօրէն հաստատել Մուշեղ Իշխանի տողերը.
«Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժի մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթի՜ն ապագան»։