Արեան Գնով Մեր Շահածը Չի Մսխուիր Դիւանագիտական Սեղաններու Շուրջ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ իրականացնելը աջակցութեան եւս մէկ ձեւ է հայկական երկրորդ հանրապետութեան եւ վերահաստատելու, որ արեան գնով պատերազմի դաշտին վրայ մեր շահածը չի մսխուիր դիւանագիտական սեղաններու շուրջ։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան՝ մանրամասնելով, որ իրենք շատ առիթներով եղած են Արցախ, ունեցած են համագումարներ, սակայն առաջին անգամն է, երբ Ընդհանուր ժողովը կ՝իրականացուի այնտեղ:

«Հայ Դատի հիմնական խնդիրները այսօր ալ կը շարունակեն մնալ նոյնը: Անոնք կը սահմանուին չորս կէտերու մէջ եւ Հայաստանի պարագային կը վերաբերին պետական հիմքերը ամրապնդելուն, իսկ Արցախի պարագային՝ ինքնորոշման իրաւունքին եւ անկախութեան ճանաչման հասնելուն: Երկրորդը ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան հարցն է առհասարակ: Անոր կը յաջորդեն մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման խնդիրներուն վերաբերող եւ հայապատկան հողերու մէջ տարուող աշխատանքներուն վերաբերող հարցերը: Բարեբախտաբար, պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ Դաշնակցութեան կարեւորութիւնը կապուած չէ միայն ընտրութիւններով: Մենք պէտք է հանդիսանանք արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն՝ իր չափին մէջ ճիշդը ըսելով եւ սխալը գնահատելով»,- աւելցուցած է Յակոբ-Տէր Խաչատուրեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.