Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կառչիլ Սկզբունքներուն, Ո՛չ Անձերուն»
1390
0

3 մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին մէջ իր «Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել» գործէն մէջբերած է հետեւեալ հատուածը.
«Մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած տագնապներուն դիմաց Մեր պատգամն է`
Կառչիլ սկզբունքներո՛ւն, ո՛չ անձերուն,
ճշմարտութեա՛ն` ո՛չ կեղծին,
միջուկի՛ն` ո՛չ կեղեւին,
խորքի՛ն` ո՛չ պղպջակին,
ցորենի՛ն` ո՛չ որոմին,
մնայունի՛ն` ո՛չ գնայունին,
այլ խօսքով` արժէքի՛ն, ժողովուրդի՛ն ու հայրենիքի՛ն:
Ասո՛նք են վաւերականը ու մնայունը»: