Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Լիբանանի Դեսպանը Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը
Պէյրութի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպան Համատ Սայիտ Շամսի Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան հետ առնչուող խնդիրներ:
Դեսպան Շամսի բարձրօրէն գնահատեց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը երկրի քաղաքական կեանքին մէջ` միաժամանակ յիշելով, որ Էմիրութիւնները` իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ, բացառիկ գնահատանք ունին հայութեան նկատմամբ, իբրեւ օրինակելի քաղաքացիներ եւ իրենց բնակած երկիրներուն յառաջդիմութեան նպաստող զանգուած:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ այդ իմաստով անոր սնուցած նոր օսմանական քաղաքականութեան ու վարքագիծին:
Դեսպան Շամսի, քաջածանօթ ըլլալով հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներուն, յուզումով յիշեց վերջերս իր կատարած այցելութիւնը Անթիլիասի Նահատակաց մատուռ եւ Ժիպէյլի Ցեղասպանութեան որբերու թանգարան:
Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպանին: