ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ «ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ԹԻՐԱԽԸ ՌՈՒՍԻԱՆ Է

Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան սպասարկութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշկինի Երեւան եւ Պաքու այցելութենէն մինչեւ ռուսական խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան տակ ինկող Արցախի ինքնիշխան տարածքներու դէմ ատրպէյճանական ուժերու «հատուցում» գործողութեան սկսման միջեւ ինկող ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուած զարգացումները եւ յայտարարուած դիրքորոշումները բաւական լոյս կը սփռեն ատրպէյճանական վերջին ոտնձգութիւններուն նպատակին եւ Արցախը վերջնականապէս ջնջելու Պաքուի քաղաքական ծրագրին վրայ։
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն Նարիշկին Երեւանի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Ռուսիա- Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան առնչուած խնդիրներուն եւ հարցերուն շուրջ։ Ռուսիոյ արտաքին գաղտնի սպասարկութեան պետը ապա Պաքուի մէջ ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ ստորագրած է Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ գործակցութեան համաձանագիր՝ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւններուն փոխադարձ ճանաչման հիմամբ։
Նարիշկինի Մոսկուա վերադարձէն օրեր ետք ատրպէյճանական կողմը թափ տուաւ դիւանագիտական հակահայ աշխատանքներուն եւ օրէ օր առաւել կարծրացնելով իր կեցուածքները՝ գրեթէ զուգահեռաբար զինուորական գործողութիւններու եւ Լաչինի անցքին ջնջման նպատակներուն իրագործման աշխատանքին անցաւ։ Թշնամանքը թէեւ թիրախ կ՛ընտրէր Արցախի ազատ ժողովուրդը, սակայն քաղաքական պատգամը, հաւանաբար բեմականացուելով, կ՛ուղղուէր ռուսական կողմին, որովհետեւ «հատուցում» գործողութիւնը կը կատարուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերուն վերաhսկողութեան տակ գտնուող շփման գիծին վրայ, ուր տեղակայուած արցախեան ուժերուն ներկայութենէն դժգոհ է Ատրպէյճանի նախագահը։
Լաչինի միջանցքը ջնջելու եւ Սիւնիքի մարզէն անցնող մայրուղիով մը Հայաստանի ու Արցախի միջեւ ցամաքային կապ ստեղծելու ատրպէյճանական պահանջին այս պահուն սեղանի վրայ դրուիլը պատահական չէ եւ շատ հաւանաբար ունի նաեւ ռուսերուն լռելեայն կանաչ լոյսը, որովհետեւ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն կողմէ զինադուլի առնուազն երեք խախտումները, որոնց մասին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, ցոյց կու տան, որ ատրպէյճանցիները կամ ստացած են պատգամ, թէ ռուսական կողմը ձեռնածալ դիտողի դիրքին մէջ պիտի մնայ, կամ լաւագոյն պարագային պիտի ջանայ «բանակցութիւններու» ճամբով իրավիճակը իր բնական հունին վերադարձնել։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեւակերպմամբ, Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախի՝ իբրեւ միաւոր գոյութիւնը ջնջել, վերացնել Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծը եւ իմաստազրկել Լաչինի միջանցքը։ Այս երեք խնդիրներն ալ ռուսական քաղաքական միջնորդութեան եւ երաշխաւորութեան ուղղուած սպառնալիքներ պարունակող կարեւոր հարցեր են։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման մարտահրաւէրներ ուղղելով Ռուսիոյ՝ կը փորձեն իրավիճակին վրայ իրենց ամբողջական հակակշիռը հաստատելու քաղաքական որոշումներու պատգամներ ուղղել եւ մատ թափահարել հայկական կողմին՝ պարզապէս անտեսելով ռուսական գործօնը։ Ատրպէյճանական այս մօտեցման դրդապատճառները պէտք է նկատի առնուին հայկական դիւանագիտութեան կողմէ, որպէսզի իրավիճակը բնականոն հունին վերադարձնելու ռուսական «ճիգերուն» թէ՛ անկեղծութիւնը, թէ՛ քաղաքական միտումները առարկայական գնահատականներու արժանացնելով՝ հայկական շահերու պաշտպանութիւնը առաջնահերթ դառնայ։

«Ազդակ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.