Ապրելու Ձայնը
Երկուշաբթի, 27 յունիսէն շաբաթ, 2 յուլիս շաբթուան ընթացքին, Համազգայինի Ստեփանակերտի գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մշակութային աննախընթաց փառատօն մը: Ստեփանակերտի ու Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ, մասնաւորաբար վտանգուած սահմանամերձ գիւղերու մէջ, տեղի ունեցան գրական-գեղարուեստական հանդիպումներ, քննարկումներ, որոնց մասնակցեցան Արցախի մէջ ստեղծագործող գրողներ ու մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու արտասահմանէն հրաւիրուած գրողներ ու արուեստագէտներ: Փառատօնը կը կրէր «Ապրելու ձայն» անունը եւ նուիրուած էր Արցախի մէջ գրական ստեղծագործութեան քաջալերանքին:
Բացման նիստին մասնակցեցան պետական այրեր (պետական նախարարն ու կրթութեան նախարարուհին) գրողներ, մտաւորականներ ու արուեստագէտներ:
Կը ներկայացնեմ բացման նիստին իմ կողմէ ներկայացուած սփիւռքէն հնչող «Ապրելու ձայնը»:
Հայաստանէն ու Արցախէն հեռու, դէպքերն ու իրավիճակները ուղղակի մաշկի վրայ զգալու վտանգներէն զերծ վիճակի մէջ, ինչպէ՞ս կը դիտենք ու կը մեկնաբանենք անցած դէպքերը եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը:
Երբ կը խօսինք սփիւռքէն, պէտք է մտահան չընենք, որ գոյութիւն չունի միասնական սփիւռքի հայութիւն, ինչպէս չկայ միասնական Հայաստանի հայութիւն եւ Արցախի հայութիւն:
Գոյութիւն ունին անշուշտ, եւ բարեբախտաբար, ազգային յանձնառու մօտեցում ունեցող սփիւռքահայեր, որոնք Հայաստանին, Արցախին ու Ջաւախքին նպաստելու նպատակով կառոյցներ կը ստեղծեն ու մեծ զոհողութիւններով բազմաբեւեռ պայքար կը տանին:
Կան նաեւ երբեմն հայերէն խօսիլն իսկ շնորհ համարողներ, որոնց համար նիւթական բարեկեցութիւնը առաջնահերթ նպատակ է: Ասոնք կրնան նոյնիսկ յանձնառուներուն կատարածը երբեմն գովաբանել, բայց շարունակել չմասնակցիլ:
Միեւնոյն պատկերը չե՞նք տեսներ նաեւ Հայաստանի մէջ, նաե՛ւ Արցախի մէջ: Ոչ մէկ տարբերութիւն հայկական աշխարհատարած միջավայրի երկու բեւեռներուն միջեւ: Հակոտնեայ մօտեցում ունեցողներու թիւերն ալ համեմատականօրէն նոյնն են, իսկ թուական առաւելութիւնը տարաբախտօրէն ի նպաստ անտարբերներուն է, թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ այնտեղ:
Անոնք, որոնք յանձնառու են, հայկական աշխարհի բազմազան միջավայրերուն մէջ չեն զանազաներ իրարմէ քաղաքականն ու մարտականը, տնտեսականն ու մշակութայինը, խաղաղութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, ժամանակակից պայմաններն ու պատմական ճշմարտութիւնը: Անոնք ազգն ու հայրենիքը կը դաւանին իբրեւ այս բոլորին համադրական գումարումը:
Հայոց պատմութեան քննական ընթերցում մը պիտի յայտնաբերէր, որ երբ կորսնցուցած ենք մեր մարտական ուժը, երբ չենք յաջողած պահպանել մեր պետականութիւնը, երբ տնտեսապէս նկուն վիճակի մատնուած ենք, մեր ինքնութիւնը պահպանելու համար ապաստանած ենք քաղաքակրթական ոլորտին` կրթութեան, գիրին ու գրականութեան, մշակոյթին, արուեստներուն մէջ: Մշակոյթը դարձուցած ենք պայքարի զէնք ու վկայած, որ մշակոյթը շատ աւելի ազդու եւ շինիչ միջոց է, քան աւերիչ իսկական զէնքերը:
Թշնամին գիտակից է այս ճշմարտութեան. այլապէս ինչո՞ւ հազիւ գրաւած պիտի աւերէր 1400-է աւելի յուշարձան, բազմաթիւ թանգարաններ, դպրոցներ ու մանկապարտէզներ: Հարկադրաբար հրաժարելով մարտականէն ու տնտեսականէն, ապաստանելով մշակութայինին մէջ, ունեցած ենք նկատառելի կորուստներ, արտագաղթ. հայրենի տարածքներու փոքրացում, ժողովուրդի աղքատացում, թիւի նուազում: Սակայն գոյատեւած ենք ու կորսուածը ետ բերելու համար` պայքարի յոյսը պահպանած:
Երբ առարկայական տուեալները ժխտական են, երբ իրերու դրութիւնը աննպաստ է, ենթակայական ազդակներն են, որոնք առաջնահերթութիւն կը զգենուն: Մտածումի, խոհի, յոյզերու ու զգացմունքներու անբռնաբարելի արտայայտութիւնն է, որ գոյատեւման ու ապագայ հզօրանքի բեւեռ կը դառնայ:
Մշակութային բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ, ի՞նչն է, որ ազգային մտածողութիւն կը ստեղծէ, խառն ի խուռն գաղափարները կը բիւրեղացնէ, որ մտածումները կը յղկէ ու տարտամ յոյզերը կառավարելի կը դարձնէ: Մենք բնորոշած եղանք արուեստներու բարձրակէտը` գրականութիւնը:
Գրելու արարքը համադրութիւն կատարելու յատկութիւն ունի: Գեղարուեստական գրականութիւն մշակելու, ստեղծագործելու արարքը արդիւնք է ստիպողական մղումի մը, որ տեսնուածը, ապրուածը, մտածուածն ու զգացուածը համադրելու ստիպողական պահանջի մը գոհացում կու տայ:
Համադրական այս աշխատանքը ծնունդ կու տայ բանաստեղծութիւններու, պատմուածքներու, վէպերու, յուշագրական պատումներու ու գրական այլ երկերու: Անոնց միջոցով կը ստեղծուի հանրային կարծիք, ազգային մտածողութիւն, պայքարի ոգի, ազատագրական հաւաքական տրամադրութիւն: Յառաջ կու գան ազատագրական երթը շարունակելու համար այնքան անհրաժեշտ ենթակայական մղումները:
Եթէ կայ ստեղծագործութիւն, ամենավատ քաղաքական ու տնտեսական պայմաններուն մէջ իսկ, ազգը կը շարունակէ գոյատեւել, ապրիլ: Ողջունելով Արցախի մէջ մշակութային ստեղծագործութեան բոլոր երախտաւորները, յատուկ յիշատակութեան արժանացնենք գրական մշակները, որոնք գրիչին վրայ կը ծանրանայ Արցախը պահպանելու, զայն վերստին ամբողջական ու հզօր դարձնելու պայքարին գաղափարական խմբագրումը:
Ճամբայ բանանք ստեղծագործութեան առջեւ, կարեւորենք զայն ու վստահինք, որ անոր արգասիքը պիտի ըլլայ անխուսափելի յաղթանակը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ