Ապու Տապիի Մէջ Դաւիթ Տօնոյեան Ներկայացուցած Է Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան Խնդիրներն Ու Նպատակները
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տրուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մասնակցած է Ապու Տապիի Պաշտպանութեան միջազգային ժողովին, ինչպէս նաեւ «ԻՏԵՔՍ-2019» միջազգային ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսին: Դաւիթ Տօնոյեանը եղած է նաեւ «ԻՏԵՔՍ-2019» ցուցահանդէսին հայկական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու արտադրանքը ներկայացնող տաղաւարին մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ 17 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հանդիպած է Ապու Տապիի էմիրութեան թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահեանի, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Մաքթումի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են երկու պետութիւններուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:
Խօսելով երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն մասին` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատած է համագործակցութիւնը ծրագրային եւ պայմանագրային հիմքերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը: Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խնդիրներն ու նպատակները:
Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպած է նաեւ Յունաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Էվանքելոս Ափոսթոլաքիսի հետ: Դաւիթ Տօնոյեան շնորհաւորած է գործընկերոջը պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ հրաւիրած Հայաստան: Հանդիպման ընթացքին երկու նախարարները քննարկած են հայ-յունական զինուորական համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ: Կարեւոր նկատելով այս ոլորտին մէջ ունեցած նշանակալի ձեռքբերումները, նախարարները երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են խորացնելու զինուորական համագործակցութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեանը Ապու Տապիի մէջ տեղակայուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան տարածքին մէջ կատարած են ծառատունկ: