Անհրաժեշտ Է Հետեւողականօրէն Ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութիւնը

Շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2019-ին, կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք-ընթրիք, որուն ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 2.400.000 ամ. տոլար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ընթրիքին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի խօսքը։

Ես մեծ սիրով ընդունեցի այս նշանակալի ձեռնարկին մասնակցելու հրաւէրը եւ, օգտուելով առիթէն, կ՛ուզեմ ողջունել բոլորդ եւ փոխանցել ձեզի Արցախի ժողովուրդին ամէնէն ջերմ բարեմաղթութիւնները: Նման ձեռնարկներու իրականացումը, որոնց կը մասնակցին հայրենիքէն եւ սփիւռքէն ներկայացուցիչներ, ողջունելի է, սա հարթակ մըն է քննարկելու համազգային եւ միջազգային զարգացումներ, ծանօթանալու տարբեր կարծիքներու: Նման ձեռնարկներ լաւ առիթ են հանդիպելու մեր հայրենակիցներու եւ լաւ բարեկամներու, որոնք իրենց կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած են հայրենիքին, կ՛ապրին անոր հոգերով եւ խնդիրներով, կը փորձեն օգնական եւ աջակից ըլլալ: Մենք կը կարեւորենք իւրաքանչիւր հանդիպում եւ շփում ձեզի հետ:

Աշխարհին մէջ տեղի կ՛ունենան բաւական աշխուժ եւ լուրջ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժեր ու փոփոխութիւններ: Անոնց շարքին` այդ փոփոխութիւններու կարեւոր մէկ հոսանքը կ՛ընթանայ մեր եւ յարակից շրջաններուն մէջ: Ատիկա կը պահանջէ աւելի մեծ զգօնութիւն, փոխադարձ գործակցութեան համակարգման աստիճանի բարձրացում, տարբեր երկիրներու հետ տարուող աշխատանքներու, մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան մէջ յստակեցումներու եւ փոփոխութիւններու իրականացում: Հաշուի առնելով այս բոլորը, նպատակայարմար կը գտնեմ անգամ մը եւս անդրադառնալ Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան շարք մը հիմնարար գաղափարներու, որոնք կարեւոր են մեր հետագայ  համատեղ գործունէութեան համար: Առաջին հերթին կ՛ուզեմ խօսիլ մեր պետականաշինութեան տեսլականին մասին:

Անկախ, հզօր, ինքնիշխան, ժողովրդավարական, ընկերային պետութեան կառուցումը եւ անոր շարունակական ամրապնդումը մեզի համար կը մնան գերխնդիր: Անկախ Արցախի Հանրապետութեան հետեւողական հզօրացումը որեւէ ձեւով չի խախտեր միասնական հայոց պետականութիւն ունենալու մեր վերջնական նպատակը, ընդհակառակը` կենսուժեղ եւ կենսունակ մայր Հայաստանի եւ Արցախի պետութեան գոյութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ մեր այս դարաւոր երազանքի իրականացումը: Մեզի համար առանցքային է Արցախի անվտանգութեան լիարժէք ապահովումը: Անթոյլատրելի է անվտանգութեան չնչին թուլացումը, ինչ որ կը տանի լուրջ բացասական հետեւանքներու: Պաշտօնական Ստեփանակերտը հաւատարիմ կը մնայ Ազրպէյճան-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի հովանիին տակ: Մեզի համար միանշանակ է, որ այդ կարգաւորումը չի կրնար հարցականի տակ դնել Արցախի կարգավիճակը եւ  անվտանգութիւնը: Բազմաթիւ անգամներ, այս տարիներու ընթացքին, անշեղօրէն, հետեւողականօրէն յայտարարած եմ եւ այսօր անգամ մը եւս կը յայտարարեմ, որ մեզի համար վերադարձ անցեալին` թէ՛ կարգավիճակի, թէ՛ սահմաններու առումով, չի կրնար ըլլալ:

Յատուկ կերպով կ՛ուզեմ անդրադառնալ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան: Անոր հետ եղած են եւ կը մնան հաւասարակշռուածութեան եւ բազմաուղղուածութեան սկզբունքները, ինչ որ կը նախատեսուի հաւասարապէս բարի դրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը` առաջին հերթին Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ հետ, որ պայմանաւորուած է, ինչպէս մեր տարածաշրջանի իւրայատկութեան, այնպէս ալ հայկական սփիւռքի առկայութեամբ:

Մեր բոլոր յաղթանակներու եւ ձեռքբերումներու կեդրոնը ինկած են ժողովուրդի միասնականութիւնը, անկոտրում հաւատքը, հաւաքական կամքը, լաւատեսութիւնն ու քրտնաջան աշխատանքը: Անհրաժեշտ է ընել կարելին այս ուղղութեամբ, հետեւողականօրէն ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, զարգացնել ու խորացնել մնայուն գործնական կապերը Արցախի եւ անոր բարեկամներուն միջեւ:

Կ՛ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել ձեր բոլորին` Արցախին մնայուն կերպով սատարելու, մեր համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու համար:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կ՛իրականացնեն մեծածաւալ եւ կարեւոր աշխատանք միջազգային հարթակներուն վրայ մեր համազգային խնդիրներու ներկայացման ուղղութեամբ` յատուկ ուշադրութեան կեդրոն պահելով Արցախը, անոր շահերու պաշտպանութիւնը, տարբեր երկիրներու հետ երկկողմանի բարի դրացիական յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Ձեր կողմէ տարիներ շարունակ իրականացուող հայրենանուէր աշխատանքը արժանի է բարձր գնահատանքի: Համոզուած եմ, որ ատիկա կը շարունակուի ապագային: Բոլորիդ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք:

Անգամ մը եւս իմ եւ Արցախի ժողովուրդի համոզմունքը կը փոխանցեմ, որ որեւէ իրադարձութիւն, որեւէ դժուարութիւն չի կրնար ստիպել մեզ շեղելու մեր կողմէ գիտակցուած ընտրուած ուղիէն:

ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.