Անկախութեան Հռչակագիրը, անոր վերիմաստաւորումը, եւ միւս հռչակագրերը (շար. 1)

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անկախութեան Հռչակագրի 36-ամեակը յատկանշական եղաւ՝ ինչպէս նախորդ ոչ մէկ տարեդարձ։ Պատճառը պարզ է. կառավարութեան ծրագրով նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութեան իրականացմամբ՝ Սահմանադրութենէն Հռչակագրին յղումը ջնջելու մտադրութիւնն է։ Նախաձեռնութիւնը, ըստ իշխանութիւններուն, պէտք է դիտել այսպէս կոչուած «Չորրորդ Հանրապետութեան» պաշտօնական գաղափարախօսութեան՝ «իրական» Հայաստանի տրամաբանութեան մէջ, որ, պարզ զուգադիպութեամբ, կը բաւարարէ նաեւ Ալիեւի պահանջը։

Հետաքրքրական պիտի ըլլայ ուսումնասիրել, թէ ո՞վ առաջինը հրապարակաւ արտայայտած է այդ գաղափարը, կամ ներկայացուցած այդ պահանջը, եթէ զայն ընկալենք Ալիեւի բանաձեւումով։ Ոմանք պիտի առարկեն՝ ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՞վ առաջին անգամ արտայայտած է զայն՝ Փաշինեա՞նը, թէ՞ Ալիեւը, եւ իրաւունք ունին։ Մանաւանդ երբ Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ տարբերութիւնը միայն այն է, որ առաջինը կը պահանջէ, իսկ երկրորդը՝ կը գործադրէ։

Չենք գիտեր՝ «Չորրորդ Հանրապետութիւն»-ը նոր Հռչակագրո՞վ մը պիտի հռչակուի, թէ՞ ոչ։ Ըստ արուեստական բանականութեան միջոցով կատարուած արագ ստուգումի մը՝ մարտ 1990-էն մինչեւ դեկտեմբեր 1991 երկարող ժամանակամիջոցին տասնհինգ նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները պաշտօնական յայտարարութիւններով, որոնք վստահաբար համապատասխան փաստաթուղթերու մէջ արձանագրուած են, հռչակեցին իրենց անկախութիւնը կամ անոր վերահաստատումը։ Անոնցմէ 13-ի սահմանադրութիւններուն մէջ յղում կայ անկախութեան յայտարարութեան կամ հռչակագրին։

Բացառութիւն են Էսթոնիան եւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը։ Առաջինը յղում կը կատարէ 24 փետրուար 1918-ի «Էսթոնիայի ժողովուրդներու Մանիֆեստ»ին եւ ոչ թէ 1990-91 թուականներու անցումային շրջանի յայտարարութիւններուն։ Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, այնտեղ պետութեան պատմական շարունակականութեան վերացական բանաձեւում մը կայ, մինչ անտեսուած է 12 յունիս 1990-ի «Պետական գերիշխանութեան յայտարարութիւն»ը։ «Իրական» Հայաստանի «Չորրորդ Հանրապետութիւն»-ը կրնայ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու շարքին դառնալ Սահմանադրութեան մէջ անկախութեան Հռչակագրին յղումը անտեսող երրորդ բացառութիւնը։

Ամէն պարագայի, Քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութենէն եւ անոր յաջորդած մնացեալ պարտութիւններէն ծնունդ առած, պարտեալի խաղաղութեան պայմաններուն մէջ ինքզինք հաստատելու ձգտող «Չորրորդ Հանրապետութիւն»-ը երեւի անկախութեան հռչակագրի պէտք իսկ չունենայ։ Վերջին հաշուով, Վիշիի Ֆրանսան նման արարողակարգի նախընթաց չէ ստեղծած. պարզապէս ուշադիր եղած է յաղթական եւ երկրի մէկ կարեւոր մասը գրաւման տակ պահող թշնամիին պահանջները բծախնդրօրէն գործադրելու։ Մանաւանդ երբ այդ պահանջները կը վերաբերէին ներքին հալածանքներու։

Անկախութեան Հռչակագրին յղումը Սահմանադրութեան մէջ պահելու ի պաշտպանութիւն բարձրացած ձայները՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, կը զգուշացնեն, որ այդ իրաւական քայլը կրնայ յանգեցնել Հռչակագրի տառին ու ոգիին իրողական անտեսման, ընդհուպ մինչեւ անոր ամբողջական մոռացութեան։ Թէկուզ անոր զոյգ բնօրինակները շարունակեն պահուիլ՝ մէկը Ազգային Պատկերասրահին, միւսը՝ Ազգային Արխիւին մէջ, ինչպէս յստակացուցած է Արամ Մանուկեան, որ 24 Օգոստոս 1990-ին այդ փաստաթուղթը ընթերցած էր ոչ միայն ի լուր համայն հայութեան, այլեւ՝ ի լուր 1918-1920-ի առաջին անկախ հանրապետութիւնը կործանած Քեմալական Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին ու մարդկութեան։

Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան Հռչակագրին յղումին պաշտպանութիւնը ա՛յս իմաստով պէտք է հասկնալ՝ որպէս յանձնառութիւն բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք անկախութեան գործընթացը՝ այսինքն Խորհրդային Միութենէն անջատումը, սկսան առանց երբեք իսկ երեւակայելու, որ օր մը ազատ ու անկախ պետութիւնը կամովին պիտի վասալացուէր, անկլաւացուէր ու վիլայէթացուէր երկու պետութիւններու կողմէ, որոնք, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս չեն վարանիր ցեղասպանութեան դիմելու՝ անթաքոյց կերպով յիշեցնելու համար, որ հայկական ներկայութիւն չեն ուզեր տարածաշրջանին մէջ։

Հետեւաբար, Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան Հռչակագրին յղումին պաշտպանութիւնը այսօր կը վերիմաստաւորուի որպէս դիմադրութիւն, որքան ալ որ այս յղացքը անցնող հինգ տարիներուն այնքան գործածուած ըլլայ՝ առանց նպատակադրուած իշխանափոխութեան հասնելու, որ կարծես այլեւս այնքան ալ համոզիչ չթուի որպէս վերիմաստաւորման գործօն…

Եւ թերեւս այդ վերիմաստաւորումը, թէկուզ լոկ մտամարզանքի կարգով, պէտք է այնքան արմատականացնել, որ, օրինակ, յետադարձ ակնարկով հարց տրուի՝ ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ Հռչակագրի նախաբանին մէջ նշուէր «հայ ժողովուրդի միասնական կամքը»՝ «Հայաստանի ժողովուրդի միասնական կամք»ին փոխարէն, այսինքն՝ ի մտի ունենալով նաեւ Սփիւռքը։ Կամ եթէ, «զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները» գրելու փոխարէն, հեղինակները պարզապէս յայտարարէին, որ անկախ Հայաստանը ինքզինք կը ճանչնայ որպէս 1918-1920-ի Հանրապետութեան ժառանգորդ։ Այդ մէկը պիտի չնշանակէր Սեւրի Դաշնագիրը ներառել արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ։

Ի դէպ, անկախութենէն յետոյ ոչ մէկ քաղաքական ուժ, ներառեալ՝ Սեւրի Դաշնագիրը ստորագրած կառավարութեան կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը, իր նախընտրական ծրագիրներուն մէջ նման հողային պահանջատիրութիւն չէ բանաձեւած։ Եւ այնպէս, ինչպէս Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ծրագրին մէջ Սեւրի Դաշնագրէն բխող պահանջատիրութեան պահպանումը իր բնոյթով հակասական չէ կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրներուն մէջ անոր բացակայութեան հետ, նոյն տրամաբանութեամբ ալ Հռչակագրով Հայաստանը Առաջին Հանրապետութեան ժառանգորդ համարելը պիտի չնշանակէր Թուրքիոյ նկատմամբ «հողային պահանջատիրութիւն» ունենալ։ Անիկա պատմական յիշողութեան պահպանման յանձնառութիւն մը պիտի ըլլար։

Բայց, ակնյայտօրէն, այդ մեկնաբանութիւնը հաշտ չէր այն օրերուն Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու ձգտող Հայոց Համազգային Շարժումի «պետական մտածողութեան» հետ, զոր արդէն այն ատեն կը հակադրէին Սփիւռքի «հայդատականութեան»։

Ամէն պարագայի, անոնցմէ ոչ ոքի մտքէն իսկ պիտի անցնէր, որ իրենց հովանաւորութեամբ քաղաքական ասպարէզ մուտք գործած «դեղին լրագրութեան» մասնագէտ մը եւ անոր հետեւող «անկախութեան սերունդ»ի հատուած մը այդ «պետական մտածողութիւնը» այսքան պիտի այլանդակէին…

Յետադարձ ակնարկով՝ այս մտամարզանքը լոկ բառերու փոփոխութեան մասին չէ, այլ նաեւ անոնց ենթադրած քաղաքական հետեւանքներուն, որոնք, այո՛, տարբեր ուղղուածութիւն եւ յաւելեալ պատասխանատուութիւն պիտի ենթադրէին։ Աւելի՛ն, այդ պատասխանատուութիւնը պիտի չվերաբերէր միայն Հայաստանին ու պետութեան, այլ նաեւ՝ Սփիւռքին, որ, օրինակի համար, պիտի սկսէր գիտակցիլ, թէ կեղծաւորութիւն է քաղաքացիութիւն եւ անոր ընձեռած բոլոր իրաւունքները պահանջել՝ առանց համապատասխան պարտականութիւններ ստանձնելու, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի զինծառայութեան։ Անկախութենէն ի վեր Սփիւռքի մէջ նման հարցերու շուրջ համապարփակ եւ հետեւողական բանավէճ առնուազն անհրաժեշտ խորութեամբ չէ զարգացած։ Այնպէս, ինչպէս չէ քննարկուած պետական համակարգին մէջ Սփիւռքեան համայնքներուն կամ որեւէ ներկայացուցչական մարմինի ձայնի եւ քուէի իրաւունք ապահովող հայեցակարգի մը ստեղծման գաղափարը։ Մինչդեռ բնական պիտի ըլլար, որ Երեւանի մէջ ներկայութիւն հաստատած Սփիւռքեան կազմակերպութիւնները եւս այս հարցը աւելի հետեւողականօրէն իրենց օրակարգին վրայ պահէին եւ պետական մակարդակի վրայ նման հայեցակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ աշխատանք տանէին։

Նման մեկնակէտով ընթացած անկախութեան գործընթաց մը թերեւս ոչ միայն համայն հայութեան գոյութենական ճակատագրով մտահոգ պետական մշակոյթ մը ստեղծէր, այլեւ զգալիօրէն սահմանափակէր այն տարակարծութիւններն ու անորոշութիւնները, որոնք պարբերաբար կը ծագին Սփիւռքը ներկայացնելու կամ անոր անունով խօսելու իրաւունքին շուրջ։ Այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլար ձեւաւորել Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու իսկական քաղաքական ոլորտ մը՝ զերծ մնալով թէ՛ Սփիւռքի մէջ Հայաստանի ներքաղաքական հակադրութիւնները վերարտադրելու փորձերէն, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները միայն քաղաքական անհրաժեշտութեան պահերուն արժեւորելու եւ գործածելու միտումէն։

(Շարունակելի 1)