Այսօր Վարանգաթաղի բարձունքը ազատագրած հերոսներուն օրն է

Արցախեան պատերազմին, Հոկտեմեր 7, 2020 թուականին, Արցախի պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման զինուորներն ու Դաշնակցութեան «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան մարտիկները ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ազատագրեցին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Վարանգաթաղ (Լուլասազ) բարձունքը: Գործողութեան ընթացքին նահատակուեցան Հ.Յ.Դաշնակցութեան կամաւորներ:

ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան Բ. վաշտի 22 կամաւորներ եւ Ա. վաշտի 2 կամաւորներու հոկտեմբեր 6-ի առաւօտը բացուեցաւ վերջին անգամ: Վարանգաթաղը նուաճելու նպատակով թուրք-ատրպէյճանական ստորաբաժանումները գործի լծած էին իրենց ողջ սպառազինութիւնը: Վարանգաթաղի պաշտպանութեան եւ ապա բարձունքը վերագրաւելու հակագրոհի ընթացքին ծաւալած անհաւասար մարտերուն ընթացքին նահատակուեցան՝

Մհեր Յարութիւնեանը (հրամանատար)

Դանիէլ Թովմասեանը

Արշակ Մելիքեանը

Նարեկ Սահակեանը

Քրիստափոր Արթինը

Գէորգ Հաճեանը

Աբրահամ Բարնջեանը

Վիգէն Մուրադեանը

Տաւրոս Աբրահամեանը

Մանուկ Մարգարեանը

Յովհաննես Պետրոսեանը

Երուանդ Թադեւոսեանը

Մանուկ Թորոսեանը

Գոռ Սարգսեանը

Արման Խաչատրեանը

Կարէն Բադալեանը

Ալբերտ Խառատեանը

Արայիկ Մկրտչեանը

Սուրեն Յովսեփեանը

Ալիկ Մկրտչեանը

Սուրեն Վանցեանը

Արկադի Իսրայէլեանը

Տիգրան Ասատրեանը

Արկադի Միսկարեանը

ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան մարտիկներու արեան գնով ազատագրուած ու պահպանուած Վարանգաթաղի բարձունքը՝ այսօր Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմաններուն մաս կը կազմէ։

Փա՛ռք Վարանգաթաղի հերոսներուն:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.