Այսօր Հունգարիոյ Մէջ Կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանի Մահուան Տարելիցն է

Այսօր՝ Փետրուար 19-ին, կը լրանայ ատրպէյճանցի սպայի կողմէն կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան տարելիցը։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը:

Յիշեցնենք, որ 16 տարի առաջ, 2004 Փետրուար 19-ին, Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայող, սպայ 25-ամեայ Գուրգէն Մարգարեանն ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրին ծիրէն ներս՝ անգլերէնի դասընթացի կը մասնակցէր Եւրոպայի կեդրոնը՝ Պուտափէշտի մէջ, ուր քնացած ժամանակ զինք կացինահարած էր ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը:

Հունգարական իշխանութիւնները մարդասպանը դատապարտած էին ցմահ ազատազրկման՝ 30 տարի առանց ներման իրաւունքի: Դատավճիռը հրապարակուած էր 2006 Ապրիլ 3-ին, բայց ընդամէնը քանի մը տարի անց՝ Հունգարիան ու Ատրպէյճանը «գործարք» կնքեցին:

Ըստ կնքուած համաձայնութեան՝ 2012 Օգոստոսին Ռամիլ Սաֆարովը վերադարձուեցաւ Ատրպէյճանին, ուր անմիջապէս ազատ արձակուեցաւ, աւելին՝ արժանացաւ հերոսի կոչման:

Միեւնոյն օրը, Հայաստանը դադրեցուց Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

Հայ սպայի պատուին այսօր Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ կայ պուրակ, ուր կանգնեցուած է Մարգարեանի արձանը:

Մարգարեանի անունով անուանակոչուած է դպրոց, կը գործէ նաեւ անոր անունով հասարակական կազմակերպութիւն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.