«Այստեղ Կրկին Նոր Կեանքեր Պիտի Ծնին». Սամուէլ Կարապետեանը Պիտի Վերականգնէ Ստեփանակերտի Ռմբակոծուած Ծննդատունը
1788
0
«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր, Ռուսիոյ հայ ձեռներեցներու ընկերակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է, որ պիտի վերակառուցէ Ստեփանակերտի հիւանդանոցի ծննդատան՝ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով բմռակոծուած բաժանմունքը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։
«Կ՝ուզեմ Արցախի բնակիչներուն վստահեցնել, որ անպայման Ստեփանակերտի մէջ նոր ժամանակակից ծննդատուն պիտի կառուցենք կրկին: Այստեղ կրկին նոր կեանքեր պիտի ծնին»,- յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեան գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ երէկ, Հոկտեմբեր 28-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հրետակոծած էին շարք մը քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ՝ ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի ծննդատան շէնքը։