ԱՄՆ Քոնկրէսին ներկայացուած նոր նախագիծը կրնայ մինչեւ 100 տոկոս մաքսատուրք սահմանել Ատրպէյճանի նկատմամբ
- (0)

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ — Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ ներկայացուած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու օրինագիծի վերամշակուած տարբերակը, որ կը նախատեսէ մինչեւ 100 տոկոս մաքսային տուրք սահմանելու կարելիութիւն ռուսական քարիւղի մեծագոյն գնորդ հինգ երկիրներու, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ։
Հանրապետական եւ դեմոկրատ ծերակուտականներու հրապարակած նախագիծը կը թիրախաւորէ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, զինուորական հրամանատարներ, դրամատուներ եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններ։ Անիկա նաեւ տնտեսական ճնշումներ կը նախատեսէ Չինաստանի, Հնդկաստանի, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ զանոնք մղելու նուազեցնելու ռուսական քարիւղէն իրենց կախեալութիւնը։
Առանձին մաքսատուրքեր կրնան սահմանուիլ նաեւ ռուսական բնական կազի հինգ մեծագոյն գնորդներուն՝ Չինաստանի, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Ճափոնի եւ Հունգարիոյ նկատմամբ։
Օրինագիծի գլխաւոր նախաձեռնողներէն էր հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամը, որ շաբաթ օր յանկարծամահ եղաւ։ Մահէն մէկ օր առաջ, Ուքրանիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Կրահամ յայտարարած էր, որ նախաձեռնութեան հեղինակները հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են նաեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ծերակոյտէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ օրինագիծին որդեգրման կարելիութիւնը բարձր կը նկատեն։
Նախագիծը նախագահին իրաւասութիւն կու տայ նաեւ կասեցնելու կամ վերացնելու պատժամիջոցները, եթէ ան եզրակացնէ, որ նման քայլ մը կը բխի Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն։
Թրամփ վստահութիւն յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը պիտի ստանայ Քոնկրէսի հաւանութիւնը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ յարգանքի տուրք Կրահամի յիշատակին։ Ան նախատեսուող պատժամիջոցները որակած է «դժոխային»՝ ընդգծելով, որ Կրահամ մեծ կարեւորութիւն կու տար օրինագիծի ընդունման։
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլին ուշադրութեամբ կը հետեւի եւ կը վերլուծէ Թրամփի յայտարարութիւնները ու իր դիրքորոշումը պիտի ներկայացնէ զարգացումներուն համապատասխան։
Փեսքով միաժամանակ պնդած է, որ Մոսկուա Ուաշինկթընէն ազդանշաններ կը ստանայ, թէ ամերիկեան կողմը պատրաստ է հետագային վերսկսելու ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման աջակցութիւնը՝ Պարսից ծոցի խնդիրներուն լուծումէն ետք։