ԱՄՆ Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ. «Գրաւեալ Որոշ Տարածքներու Վերադարձը Անխուսափելի Է»

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ «Ի. Վի. Էն. Ռիփորթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին բացառած է արցախեան տագնապի խաղաղ լուծումը առանց «գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձին»:

Հարցազրոյցի ընթացքին դեսպանը յայտնած է, թէ հայ ժողովուրդը, ի վերջոյ, պէտք է որոշէ, թէ ո՛ր լուծման ինք պատրաստ է:

«Ես զարմացած էի, երբ առաջին անգամ այստեղ եկած եւ պարզած եմ, որ ինծի հանդիպած հայերու մեծամասնութիւնը կտրականապէս դէմ է գրաւեալ տարածքներու վերադարձին` իբրեւ բանակցային հոլովոյթէն մաս մը: Ինծի կը զարմացնէ այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ գրեթէ քննարկում չկայ ընդունելի լուծման կամ հաւանական փոխզիջումներու մասին: Իմ կառավարութեան երկար տարիներու ընկալումը այն էր, որ այդ տարածքները ի սկզբանէ վերցուած էին հետագային` «Հող` խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւին ծիրին մէջ օգտագործուելու համար: Իսկապէս շատ զարմացած էի յայտնաբերելով, որ այդ տարբերակը այլեւս որեւէ աջակցութիւն չունի», ըսած է Ռիչըրտ Միլզ:

Ան նշած է, թէ կը հասկնայ, որ 2016-ի ապրիլեան պատերազմը ա՛լ աւելի սրած է հայերու ընկալումները: «Սակայն դաժան իրականութիւնը այն է, որ որեւէ լուծում կը պահանջէ գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Պատասխանելով Դեսպան Միլզին` Արամ Համբարեան. «Միլզը Ժամկէտը Կ՛աւարտէ Անշրջահայեաց Յայտարարութիւններով»

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Հայաստանի մէջ իր ժամկէտը կ՛աւարտէ անշրջահայեաց յայտարարութիւններով: Այս մասին ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը` անդրադառնալով դեսպան Ռիչըրտ Միլզի` կատարած յայտարարութեան:

«Ցաւօք, անոր պաշտօնավարումը նշանաւորուեցաւ փոփոխական նպատակներով եւ կորսուած կարելիութիւններով: Չափէն աւելի խրատներ եւ չափազանց քիչ գործողութիւններ: Ինչպէս նաեւ` ոչ մէկ կրկնակի հարկման մասին համաձայնագիր Միացեալ Նահանգներուն եւ Հայաստանի միջեւ», ըսած է Արամ Համբարեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.