Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ Տէյվիտ Վալատաօ, Կաս Պիլիրաքիս, Էտըմ Շիֆ եւ Պրետ Շերմըն շրջանառութեան մէջ դրած են Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու շրջափակումը եւ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները դատապարտող բանաձեւ` կոչ ուղղելով նախագահ Ճօ Պայտընին անյապաղ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու ռազմական եւ անվտանգային աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ ամբողջութեամբ կիրարկելու Ազատութեան աջակցութեան աքթի 907-րդ բաժինն ու Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ տուժածներուն:

Երկկուսակցական բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ ազրպէյճանական ուժերը կը խախտեն Հայաստանի եւ Արցախի հետ վէճերը խաղաղ ճամբով լուծելու միջազգային պարտաւորութիւնները` 2020 թուականին իրենց սանձազերծած պատերազմէն ետք: Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը հռետորաբանութիւն օգտագործած է` կոչ ուղղելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելու բնիկ հայերու նկատմամբ, եւ անոր վարչակարգը հետեւողականօրէն խախտած է կարեւոր միջազգային մարդասիրական իրաւական համաձայնագիրները 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին եւ մինչեւ օրս:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.