Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Երկու Հրթիռ Արձակած Են Քեսապի Ուղղութեամբ

Չորեքշաբթի, 15 յունիս 2022-ին ահաբեկչական խմբաւորումներ հիւսիսային Սուրիոյ գիւղերէն երկու հրթիռ արձակեցին Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապ աւանին վրայ: Արձանագրուեցան նիւթական աննկատ վնասներ:

«Գանձասար»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ նոյն ժամերուն Քեսապի հրապարակին կեդրոնը տեղի կ՛ունենար պետական ձեռնարկ մը: Երկու հրթիռները ինկած են լերան մը վրայ` առանց նկատառելի վնաս պատճառելու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.