Ազրպէյճան Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներու Եկեղեցիներէն Հայկական Հետքերը Ջնջելու Ծրագիր Կը Յայտարարէ

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ մտադիր է հայկական արձանագրութիւնները ջնջել 2020 թուականին Հայաստանի հետ պատերազմի ընթացքին իր վերատիրացած տարածքներուն մէջ գտնուող կրօնական վայրերէն», այս մասին «Եուրէյժանեթ»-ի վրայ կը գրէ Պաքուէն լրագրող Հեյտար Իսայեւ:

«Կառավարութիւնը այդ քայլը արդարացուց պնդելով, որ անոնք իրականութեան մէջ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ գտնուած հնադարեան թագաւորութեան մը` Կովկասեան Ալպանիոյ ժառանգութիւնն են: Այս տեսութիւնը, որ պատմաբաններու մեծամասնութեան զօրակցութիւնը չի վայելեր, երկար ատենէ ի վեր ջատագովուած է ազպէյճանցի ազգայնական պատմաբաններու կողմէ եւ որդեգրուած է Պաքուի ներկայ կառավարութեան կողմէ», կը գրէ Իսայեւ:

Ազրպէյճանի կրթութեան նախարար Անար Քարիմով 3 փետրուարին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ստեղծուած է աշխատանքային խմբակ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ «ալպանական կրօնական տաճարներուն վրայէն վերցնել հայերուն կողմէ գրուած երեւակայածին գրութիւնները»:

«Մենք աշխատանքային խումբի անդամներուն հետ աչքէ պիտի անցընենք այդ վայրերը եւ քննութենէն ետք մեր յաջորդ քայլերը պիտի սերտենք», ըսած է Քարիմով: Ան չէ նշած, թէ որո՛նք անդամ պիտի ըլլան աշխատանքային խմբակին, սակայն յայտնած է, որ խմբակը բաղկացած պիտի ըլլայ «թէ՛ տեղացի եւ թէ՛ միջազգային մասնագէտներէ»:

Իսայեւ կը նշէ, որ ալպանական տեսութիւնը առաջին անգամ զարգացուած է 1950-ական թուականներուն` ազրպէյճանցի պատմաբան Զիա Պունիաթովի կողմէ, որ պնդած է, թէ «ազրպէյճանական տարածքին» վրայ գտնուող եկեղեցիներուն վրայ հայկական արձանագրութիւնները հետագային աւելցուած են ալպանական եկեղեցիներուն վրայ: Ըստ այս տեսութեան, անոնք «հայացուած» են 19-րդ դարու սկիզբը, «այդ տարածքին Ազրպէյճանէն» տիրանալէ ետք, հայկական լայնածաւալ ներգաղթէն ետք:

Ազրպէյճանցի լրագրողը կ՛ընդգծէ, որ այս տեսութիւնը թափ ստացած է 2020 թուականի պատերազմին` Ազրպէյճանի «հայկական միջնադարեան շարք մը նշանակալից եկեղեցիներ պարունակող տարածքին» վերատիրանալէն ետք:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Յունաստանի առաջին դեսպան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Լէոնիտաս Խրիզանթոփուլոս Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ սպառնալիքներուն վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է` նշելով, որ Արցախէն գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական տաճարներուն մէջ հայկական ներկայութեան ոչնչացման նպատակով Ազրպէյճանի կողմէ աշխատանքային խումբի ստեղծումը մշակութային ֆաշականութիւն կը հանդիսանայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` յայտարարութեան հայերէն թարգմանութիւնը իր Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

Խրիզանթոփուլոս իր յայտարարութեան մէջ նշած է. «Պաքուի կողմէ վերջին պատերազմին հետեւանքով Արցախէն գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական տաճարներու մէջ` հայկական ներկայութեան ոչնչացման նպատակով Ազրպէյճանի կողմէ աշխատանքային խումբի ստեղծումը կը հանդիսանայ մշակութային ֆաշականութիւն:

«Քրիստոնէական տաճարներու Կովկասի ալպանացիներուն պատկանելու պատրուակով այդ խումբը պիտի որոշէ, որ տաճարներէն պէտք է վերցուի հայկական ներկայութիւնը:

«Կովկասի ալպանական եկեղեցին եղած է ինքնավար եկեղեցի: Անիկա ստեղծուած է կարճ ժամանակով 5-րդ դարուն եւ 705 թուականին ենթարկուած է հայկական առաքելական եկեղեցիին: Ալպանական այբուբենը ստեղծուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, որ 405 թուականին ստեղծած է հայկական այբուբենը եւ ժամանակ մը ետք ստեղծած է ալպանականը: Հետեւաբար անկարելի է, որ Հայկական եկեղեցին իր իսկ օգտին համար օգտագործէր ալպանական տաճարները:

«Պաքուի նպատակն է իրականացնել մշակութային ցեղասպանութիւն, եւ ատոր համար ան պէտք է դատապարտուի»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.