Ազրպէյճանցիները Նոր Դիրքեր Կ՝ուզեն Գրաւել Արցախի Ամարաս Վանքի Դիմաց․ Վանահայր

Զինադադարէն ետք 2-3 անգամ փորձած են գիւղ իջնել, առաջ գալ իրենց դիրքերէն. ազրպէյճանական զինուորները տեղակայուած են Ամարասի դիմաց՝ Ջիւանի գիւղի սարին վրայ։ Կը փորձեն նոր դիրքեր գրաւել՝ մինչեւ վերջնական սահման գծելը։ Ատիկա անոնց համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն։ Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ այս մասին ըսած է Արցախի թեմի Ամարասի վանքի վանահայր Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ աբեղայ Յովհաննիսեան:

Ամարասի վանական համալիրը կը գտնուի Արցախի Մարտունի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղին մէջ։ Մարտունի շրջանը երբեք ազրպէյճանական տարածք չէ եղած, նշած է հայր Գեղարդը, եւ քանի որ Մարտունի տարածքի 25-30 տոկոսը գրաւուած է թշնամիին կողմէ, ազրպէյճանական զօրքը այնքան մօտեցած է Ամարասին, որ անիկա փաստացի դարձած է սահմանագիծ։

Անվտանգութեան առումով՝ վանքը այս պահուն բաւական խոցելի է։ Այս առնչութեամբ վանահայրը կը յայտնէ իր մտահոգութիւնները․ «Խնդրանքս է՝ ռուսական դիրք կամ ռուս խաղաղապահներու հերթափոխ ըլլայ Ամարասի մէջ։ Առաւօտեան կ՝երթամ, երեկոյեան՝ կը վերադառնամ, բայց վանահայրը պէտք է մնայ վանքին մէջ, իսկ այստեղ գիշերելը վտանգաւոր է։ Թուրքի համար հոգեւորական սպաննելը, գերի վերցնելը հերոսութեան նման բան է։ Մենք կ՝ուզենք բացառել նոյնիսկ գիշերը յանկարծակի վանք մտնելու, վախցնելու մտայնութիւնները։ Ուստի ըսած եմ՝ մինչեւ Ամարասի մօտ ռուսական դիրք կամ խաղաղապահներու հերթափոխ չըլլայ, ես անձնապէս վանքին մէջ պիտի չի գիշերեմ»։

Վանահայրը նշած է, որ վանքին մէջ գիշերակացը ապահովելու համար արդէն դիմած են ռուսական կողմին, խնդրած ռուսական հենակէտ կամ գիշերային հերթափոխ սահմանել։ Այս պահուն Ամարասի մէջ մեր զինուորները հերթապահութիւն կ՝իրականացնեն։ Վանքին վրայ ռուսական դրօշ դրուած է։ Հայր Գեղարդի խօսքով՝ այս ընթացքին ռուսական կողմէն բարձրաստիճան զինուորականներ եւ հոգեւորականներ եկած են, քաջալերող խօսքեր ըսած, թէ՝ մտահոգուելու պատճառ չկայ, եկեղեցւոյ վրայ ռուսական դրօշ տեղադրուած է։

«Քանի մը անգամ ռուս խաղաղապահներ եկան, ապա՝ հայր Բորիսը, հայր Անդրէասը, նախագահի հետ անգամ Մուրատովը եկաւ։ Տեսած են իրավիճակը։ Հայր Բորիսը ըսաւ՝ եթէ Ամարասի վրայ ռուսական դրօշ կայ, ուրեմն անիկա ռուսական հատուած է, եթէ անգամ մէկ փամփուշտ գայ ձեր ուղղութեամբ՝ կը նշանակէ համաձայնութեան խախտում, որուն համար ազրպէյճանական կողմը պէտք է պատասխան տայ»,- պատմած է հայր Գեղարդ։

Ամարասի վանքի դռները այս պահուն բաց են, բայց վանահայրը զգոյշ ըլլալու կոչ կ՝ընէ, ուխտաւորները կը հորդորէ՝ գիշերը չգան, ուշ ժամու չգան, տարածքին մէջ երկար չպտտին. թուրքին չի վստահիր։ Բացի այդ, ըստ հայր Գեղարդի, տարածքին մէջ ռումբերու եւ արկերու հեռացման խնդիր կայ: «Ռուսերը դեռ պէտք է գան, մաքրեն։ Շատ յաճախ ժողովուրդին խորհուրդ կու տան եկեղեցի չգալու, տարածքին մէջ չպտտելու»,- ըսած է ան։

Ըստ վանահօր՝ անվտանգութեան հարցերը կարգաւորելէ ետք Ամարասի վանական համալիրը պիտի ունենայ քանի մը միաբան, որոնք պիտի գիշերեն վանական համալիրին մէջ։ Որոշումը կայացուած է Գարեգին Բ կաթողիկոսի հրամանով եւ յորդորով։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.