Ազրպէյճանը Հայաստանի Նախկին Նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Սերժ Սարգսեանի Հանդէպ Հետախուզում Յայտարարած Է

1 փետրուար 2022-ին, Ազրպէյճանի ռազմական դատախազութեան յատուկ հետաքննութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Էմիլ Թաղիեւ յայտնեց, որ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդէպ հետախուզում յայտարարուած է:

Ըստ ազրպէյճանցի դատախազին, Քոչարեանն ու Սարգսեանը կը հետախուզուին 1988 թուականէն ծաւալած իրենց գործունէութեան համար:

«1988 թուականի փետրուարէն վերոնշեալ անձերը հայերուն եւ ազրպէյճանցիներուն միջեւ ազգային թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանելու նպատակով (Ստեփանակերտ) քաղաքի կազմակերպութիւններուն եւ գերատեսչութիւններուն մէջ հայ աշխատակիցներուն հետ ժողովներ գումարած են», յայտնեց Թաղիեւ:

Բացի ատկէ, ըստ ազրպէյճանական դատախազութեան ներկայացուցիչին, «Քոչարեան եւ Սարգսեան 2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, Շահումեանի շրջանը անօրինականօրէն կցեցին Լեռնային Ղարաբաղին, այդ տարածքներուն մէջ ազրպէյճանական օրէնքներու եւ Ազրպէյճանի Սահմանադրութեան գործողութեան դադրեցման անօրինական որոշում տուին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.