Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կ’ահազանգէ
Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ, 7-էն 9 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ազգային Ընդհանուր Ժողովը լոյս ընծայեց ներկայի պատմական փուլին արձագանգ եղող եւ հռչակագիրի տարողութեամբ բանաձեւ մը, որ լոյս կը սփռէ ողջ հայութիւնը յուզող ու տագնապի մատնող հարցերու վրայ, կը ցոլացնէ այն լայնածիր հորիզոնը, որ ուղղորդած է եռօրեայ քննարկումներն ու ժողովին նախանձախնդիր մօտեցումը:
Բանաձեւը ցոյց կու տայ, որ Ազգային ընդհանուր ժողովը հաւատարիմ եղած է իր անուան, այսինքն՝ քննարկած է Հայրենիքն ու Ազգը յուզող այժմու հրատապ հարցերն ու լուծումներ ու ելքեր որոնած է անոնց համար: Առանց բառեր գործածելու, անիկա կը բացայայտէ, որ Ազգը կազմուած է հայրենի եւ Սփիւքի հայորդիներէն, որոնք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն:
Բանաձեւը ունի բազմաթիւ կիզակէտեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կարօտի դիտարկումի. Աւելի՛ն, հրամայական է, որ անոնք ընկալուին բոլորիս կողմէ, բաց միտքով, բաց ականջներով ընդառաջենք արձակուած կոչերուն:
Կիզակէտերը, ինչպէս նշեցինք, բազմաթիւ են. կայ Կաթողիկոսութեան բազմերես դերակատարութիւնը՝ հայրենիքին, գաղութներուն, Հայ Դատին եւ այլ կալուածներու մէջ: Կան Միջին Արեւելքի խեղդամահ եղող գաղութները՝ Սուրիան ու Լիբանանը: Բանաձեւը կարեւորութեամբ կանգ առած է ընկերային տագնապներու դարմանման պահանջին վրայ, լուսարձակի տակ կ’առնէ Սփիւռքի տեղն ու դերը՝ հայութեան կեանքին մէջ, Հայ Ընտանիքին ու ազգային աւանդներուն պահպանման հարցը, մայր հայրենիքի ապահովութեան ու անոր մէջ բանակին վերապահուած բանալի դերակատարութիւնը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան սպառնացող վտանգներն ու զայն վերականգնելու, ամրապնդելու հրամայականը:
Բազում մարտահրաւէրներուն շարքին, մտահոգիչ է մանաւան Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեանց վիճակը, որուն մասին արձանագրուած տողերը անգամ մը եւս ահազանգի տարողութիւն ունին: Ուրեմն, կ’արժէ, որ յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առնենք անոր առջեւ:
Ահազանգը կ’արտայատէ համազգային մտահոգութիւն մը եւ առաց բառերը ծամծմելու կ’արձանագրէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւններն ու Սփիւռք բոլորովին տարբեր քաղաքականութիւն կը վարեն, այնքան մը, որ դժուար է նոյնիսկ գործածել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւն եզրոյթը: Հետեւեալ տողերը երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր. «Հայաստանը մեզ բոլորս միացնող եւ հայութեան տարբեր հատուածները իրարու կամրջող ոյժը պէտք էր ըլլար: Սփիւռքի հզօրացումը՝ հզօրացումն է հայրենիքին, իսկ անոր ջլատումն ու պառակտումը՝ կամաւորապէս հրաժարումն է հայկական պահանջատիրութենէն, ու համահայկական իտէալներէն: Հայաստանի պետութեան որդեգրած ներկայ մօտեցումը՝ Սփիւռքի նկատմամբ, իր անկանխատեսելի, բայց ամէն պարագայի ժխտական հետեւանքները կրնայ ունենալ: Աւանդական Սփիւռքը ունի իր կառոյցները, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորեցին աշխարհացրիւ հայութիւնը, որ տարբեր գաղութներու մէջ համախմբուած կ՚ապրի այդ կառոյցներուն շուրջ: Սփիւռքահայութեան վերստին համախմբումը մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն շուրջ, հրամայական պահանջք է»:
Ախտաճանաչումը աւելի լայն կը բանայ կարկինը եւ կը նկատէ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կրաւորական մօտեցում ունի Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու հետ: Չենք վարանիր արձանագրելու, որ յայտարարութիւնը պատշաճութեան սահմաններէն անդին չէ անցած եւ չէ մատնանշած բացասական քայլերը…: Կը նշուի, թէ յատկապէս ժխտական դեր ունի Սփիւռքի յանձնակատարութիւնը, որ իրողապէս ծնունդ է Սփիւռքի նախարարութեան արժեզրկման եւ նորին վիճակուած բացայայտօրէն մասնակի դերակատարութեան, որուն պատճառով սկսած են վտանգուիլ ո՛չ միայն ներգաղութային, այլեւ միջգաղութային ու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները:
Ահազանգը լոկ ախտաճանաչումներու շղթայ չէ, այլ թափանցիկ կոչ, յորդոր, թէ՝ հայորդիին, ան ըլլայ Հայաստանի թէ Սփիւռքի զաւակ, պէտք չէ վհատի, այլ եւ յատկապէս ի մտի ունենայ, որ ազգն ու պետութիւնն են մնայունը, իսկ իշխանութիւնները գնայուն են:
Բանաձեւը յստակ հրաւէր կ’ուղղէ ողջ հայութեան, որպէսզի տեսնէ, թէ իշխանութիւն մը, իր տհաս եւ թափթփած մօտեցումով կրնայ վտանգել նոյնինքն պետութիւնը: Նման վտանգի դիմաց, հայորդին իրաւունք չունի կրաւորական հանդիսատես մնալու, անտարբերութեան պատրուակներ որոնելու, այլ կոչուած է իր վճռող խօսքը ըսելու:
Սփիւռքի հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններուն (չ)մօտեցումը նոյնքան անընդունելի եւ վտանգաւոր է, որքան Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ անոր քաղաքականութիւնը, որ այլապէս իրերայաջորդ ահազանգեր հնչեցուց 44-օրեայ պատերազմէն ետք, վտանգին տարողութիւնը խորացուց վերջին ամիսներուն։
Պէտք չէ տարուիլ այն «տրամաբանութեամբ», թէ ներկայ դժնդակ կացութեան մէջ, դժուար է առաւելագոյն չափով համախմբուիլ Հայաստանի ու հայութեան շուրջ՝ հզօրացնելու համար հայրենիքն ու ազգը։ Ընդհակառակն, նման կացութիւններու մէջ է որ մերժելի են յուսալքումն եւ ձեռնածալ մնալը, որովհետեւ այդ ձեւով պիտի չգան լուծումները:
Ազգովին վիթխարի գործ ունինք կատարելիք: Ունինք գլխագիր պարտականութիւններ, ազգային պարտականութիւն, որոնք բաց հրաւէր կ’ուղղեն հաւասարապէս գաղթօճախներու եւ հայրենի հայութեան, որովհետեւ ազգային արժէքները, աւանդութիւննեն ու նոյնինքն հայրենիքի լինելութիւնը դրուած եւ օրէ օր աճող վտանգներու տակ:
Ազգային ընդհանուր ժողովին հնչեցուցած ահազանգը վաղը կրնայ սուր քննադատութեամբ, անտարբերութեամբ եւ մերժողական կեցուածքով դիմաւորուիլ Երեւանի իշխանութեան կողմէ, սակայն անիկա ո՛չ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենայ, այնքան ատեն, որ այդ իշխանութիւնը ըստ էութեան հրաժարած է Արցախի ու հայրենիքի պաշտպանութեան, երկրի տնտեսական եւ ընկերային հրատապ հարցերուն իսկական դարման բերելու, անշուշտ նաեւ Սփիւռքի հետ գործակցութիւնը բնական հունին վերադարձնելու իր առաքելութենէն:
Եզրակացնենք՝ բանաձեւէն քաղուած հետեւեալ տպաւորիչ տողերով. «Սփիւռքը ինքնագոյ, ինքնանպատակ եւ ինքնավախճան գոյութիւն չէ՛: Ան ամբողջական մասն է հայութեան: Ան զօրավիգ է հայրենիքին, ո՛չ միայն հեռուէն դիտողի, նիւթապէս օժանդակողի կարգավիճակով, այլեւ մասնակիցի՝ ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման»: