Ազգային դաստիարակութիւն՝ գեղարուեստի ճամբով
- (0)

Կիրակի, 25 մայիսին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան սրահին մէջ ներկայացուեցաւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու շատ յաջող ինքնատիպ փորձ մը՝ գեղարուեստի ճամբով, այս պարագային՝ թատրոնի։ Արդարեւ իր «Արեան հատուցում – Nemessis» թատերախաղով, Դէմքեր թատերախումբը, Նանսի Իսայի հեղինակութեամբ ու բեմադրութեամբ, թուրք ջարդարարներ ու հայ դաւաճաններ պատժող հայ վրիժառու հերոսներու՝ Արամ Երկանեանի ու իր նմաններուն կեանքէն ներշնչուած՝ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կարելի է ազգային ոգի ու գիտակցութիւն տարածել՝ օգտուելով ժամանակակից միջոցներէն, ու անվհատ հայ ըլլալու պատգամը հասցնել ներկայ թատերասէրներուն ու անոնցմէ շատ անդին։ Տակաւին առիթ կ՚ըլլայ անդրադառնալու։
Անոնք, որոնք այս առաջին ներկայացումէն բացակայ էին, տակաւին կրնան զայն ըմբոշխնել յառաջիկայ օրերուն՝ 1, 7 եւ 8 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7-ին, նոյն սրահին մէջ։
Վ-Ա.