Ազգային բանակը ընտրապայքարի մէջ ներքաշելու փորձը խոցելի է

Հայոց բանակի բոլոր ծառայողները մեր զաւակներն են

Ազգային բանակը եւ զինծառայութիւնը ընտրապայքարի մէջ ներքաշելու փաշինեանական փորձը խոցելի է

Իսկ հիմա Նիկոլ Փաշինեան հայկական բանակը վերածած է իր ընտրապայքարի թեմային։ Անշուշտ ճիշդ չէ, ընդունելի չէ մեր բանակը ընտրապայքարի նեղմիտ հաշիւներով շահագործումը։ Բանակը վեր է եւ վեր պէտք է մնայ քաղաքականութենէ։ Ասիկա Սահմանադրութեամբ ամրագրուած պարտադրանք է։ Ասիկա հայրենիքի հաւաքական պաշտպանութեան պահանջ է։

Ափսոս է, մանաւանդ վտանգաւոր է, երբ Փաշինեան գձուձ հաշիւներով մեր բանակը կը ներքաշէ իր ընտրապայքարին մէջ։

Փաշինեան նախ իր Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան պետ՝ Սասուն Միքայէլեանի բերնով յայտարարեց, թէ իր «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» աւելի մեծ նուաճում է քան Արցախեան ազատամարտը։ Իր ընտրապայքարի սիրոյն ան նսեմացուց մեր բանակն ու ազատամարտիկները, որոնք հազարաւոր նահատակներու արիւնով պաշտպանեցին հայրենական հողը։ Ան գերադասեց իր իշխանութեան տիրանալը հայրենական հողերու ազատագրումէն։

Ապա, ի պատասխան այն հաստատումին, թէ անցեալ Մայիս ամիսէն ի վեր զինական ներածում չի կատարուիր Արցախին, Փաշինեան յանձնապաստան, վիրաւորական ու շինծու յայտարարութիւններով խնդրոյ առարկայ դարձուց մեր բանակի անվտանգութիւնը եւ մեր պաշտպանական միասնականութիւնը։

Իսկ երէկ, Ալավերդիի մէջ «Իմ քայլը» դաշինքի հանրահաւաքին Փաշինեան յայտարարեց, որ ինքը Հայաստանի Հանրապետութեան միակ ղեկավարն է, որու որդին կը ծառայէ Արցախի մէջ։ Ան յանդգնեցաւ մինչեւ իսկ մեղադրելու, թէ նոյնիսկ Ղարաբաղցի ղեկավարներու զաւակները չեն ծառայեր Արցախի եւ ընդհանրապէս հայկական բանակին մէջ:

Անկախ Փաշինեանի անհիմն մեղադրանքէն, մեր բանակի մէջ ծառայողներու նկատմամբ ասպիսի կեցուածք խիստ արհամարհական է։ Աւելին, վիրաւորական է զինծառայողներուն։ Անարգական է անոնց հայրերուն եւ մայրերուն նկատմամբ։ Վարկաբեկող է մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը։

Ժողովուրդի մը ղեկավարը ըլլալու յաւակնող մարդուն համար բոլոր զինծառայողները մեր զաւակները պէտք է ըլլան։ Անոնք հարազատ զաւակներն են եւ պէտք է ըլլան Հանրապետութեան Նախագահին,Ազգային Ժողովին, կառավարութեան, նաե՚ւ վարչապետի հանգամանքը յաւակնողին։

Փաշինեանէն կը վրիպի այս տարրական ըմբռնումը եւ ոգին։

Մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանին գալը, մեր պատմութեան մէջ չէ եղած պարագայ մը, ուր ազգի առաջնորդը յոխորտացած ըլլայ իր զաւկի զինծառայութեամբ։

Փաշինեան բանակին ծառայելու իմաստին եւ գաղափարին հաղորդուելու կարիքը ունի։ Իրեն կը պակսի այս մէկը, որովհետեւ ինք չէ ծառայած բանակի մէջ։ Իր զաւակին ծառայութիւնը օրինակելի է մեր երիտասարդներուն համար։ Բայց իր կողմէ իր զաւակին բանակային ծառայութիւնը ընտրական հաշիւներով շահագործումը սխալ է։ Որովհետեւ Փաշինեան ինչ ալ փորձէ ընել, ինչպէս ալ փորձէ գործել չի կրնար նման ծառայութիւն իր անձին վերագրել՝ իբրեւ «պատուիրակուած» զինծառայութիւն։

Ազգային բանակը եւ զինծառայութիւնը ընտրապայքարի մէջ ներքաշելու փաշինեանական փորձը շատ խոցելի է։ Ան պէտք է մտաբերէ այն իրողութիւնը, որ իր նշանակած նախարարներու եւ փոխ նախարարներու աւելի քան երկու երրորդը զանազան պատրուակներով փախուստ տուած են Հայկական Բանակի ծառայութեան պարտականութենէն։

Նիկոլ Փաշինեան պէտք է օրինակ առնէ Հայաստանի Հարապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիէն, որուն երեք զաւակները զոհուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան համար։ Բայց մեր մեծագոյն վարչապետը երբեք չխօսեցաւ այդ մասին,որովհետեւ իրեն համար մեր բոլոր բանակայինները իր զաւակներն էին։

Սեդօ Պոյաճեան

Նոյեմբեր 29, 2018,

Լոս Անճելըս

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.