Հայ Լեզուի Պահապանին Կորուստը
Նոյեմբեր 21, 2025ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Արմենակ Եղիայեանի շիջումը առիթ հանդիսացաւ շատերուն մտորելու հայերէն լեզուի, յատկապէս արեւմտահայերէնի մթագնող կացութեան մասին: Իր մահը ողբացին նոյնիսկ անոնք, որոնք տարիներով ենթակայ եղած էին իր խարազանումին, իրենց սխալագրութեան համար: Աշխարհաբարի երկու ճիւղերը կազմաւորուած են շնորհիւ հայ մամուլի բծախնդրութեան եւ գրողներու` ...