Հայաստանի հազար խոշորագոյն հարկատուները առաջին կիսամեակին պետական պիւտճէ վճարած են 1.1 թրիլիոն դրամ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հազար խոշորագոյն հարկատուները 2026-ի առաջին կիսամեակին պետական պիւտճէ վճարած են ընդհանուր 1.1 թրիլիոն դրամ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին բաղդատմամբ շուրջ 123.8 միլիառ դրամով աւելի։

Պետական եկամուտներու կոմիտէի հրապարակած ցանկը կը գլխաւորէ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»-ը, որուն հարկային վճարումները գրեթէ կրկնապատկուած են՝ հասնելով 41.6 միլիառ դրամի։ Ընկերութիւնը նախորդ տարի կը գտնուէր վեցերորդ դիրքին վրայ։

Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ «Մոպայլ Սենթր Արթ»-ը՝ 38.2 միլիառ դրամ վճարումով, իսկ երրորդը՝ «Արդշինպանք»-ը՝ 33.6 միլիառ դրամով։ Անոնց կը յաջորդեն «Կազփրոմ Արմենիա»-ն՝ 31.5 միլիառ եւ «Կրանտ Թոպաքօ»-ն՝ 28.9 միլիառ դրամ հարկային վճարումներով։

Առաջին տասնեակին մէջ ներառուած են նաեւ «Ամերիապանք»-ը, խաղային ոլորտի «Տիճիթէյն» եւ «Սոֆթ Քոնսթրաքթ» ընկերութիւնները, Կապանի լեռնահարստացման կոմբինատը եւ «Ուայլտպերրիզ»-ը, որ 29-րդ դիրքէն բարձրացած է տասներորդ՝ հարկային վճարումները 2.6 անգամ աւելցնելով։

Հարկային մուտքերու աճին հիմնական մասը ապահովուած է հարկային մարմիններուն կատարուած վճարումներու հաշւոյն, որոնք աւելցած են 120.5 միլիառ դրամով։ Մաքսային վճարումները եւս աճած են շուրջ 3.3 միլիառ դրամով։