Հնագէտներ Կը Յայտնաբերեն Հայաստանի Ամէնէն Հին Եկեղեցին
Հոկտեմբեր 30, 2024Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Գերմանիոյ Միւնսթերի համալսարանի հնագէտները Հայաստանի հնագոյն Արտաշատ քաղաքին մէջ յայտնաբերեցին նախապէս անծանօթ վաղ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մը մնացորդները: Ութանկիւն շինութիւնը խաչաձեւ շառաւիղ տարածութիւններ ունի: Գիտնականներուն խումբը պեղած է եկեղեցւոյ մէկ մասը եւ զայն ուսումնասիրած է: «Չորրորդ դարու շինութիւնը ...