Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզը Շահագործման Պիտի Յանձնուի Օգոստոսին
Յունիս 20, 2017Հայ օգնութեան միութեան ֆինանսաւորմամբ Ստեփանակերտի մէջ կը վերակառուցուի «Սօսէ» մանկապարտէզը: Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան քաղաքաշինական պետական տեսչութեան պետ Դաւիթ Աւանեսեան` նշելով, որ 2015-ի Օգոստոսէն սկսած են մանկապարտէզի վերակառուցման աշխատանքները: «Այժմ կ՛ընթանան մանկապարտէզի ներքին յարդարման, երեսպատման եւ բակի բարեկարգման աշխատանքները: Վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար նախատեսուած է 429 միլիոն 827 հազար դրամ: Մանկապարտէզի շէնքը շահագործման պիտի յանձնուի այս տարուան Օգոստոսին»,-ըսած է ...