Թուրքիա պատրաստ է բանալու Հայաստանի հետ սահմանը, սակայն կը շարունակէ հաշուի առնել Պաքուի պահանջները
Նոյեմբեր 10, 2026ԵՐԵՒԱՆ.- Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Անգարա աւարտած է Հայաստանի հետ երկաթուղային եւ ցամաքային սահմանային անցակէտերու վերաբացման նախապատրաստական աշխատանքները։ Այսուհանդերձ, թուրք նախարարը յստակացուց, որ սահմանին բացումը կապուած կը մնայ հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան եւ Պաքուի շահերուն։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ...