Թուրքիա պատրաստ է բանալու Հայաստանի հետ սահմանը, սակայն կը շարունակէ հաշուի առնել Պաքուի պահանջները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Անգարա աւարտած է Հայաստանի հետ երկաթուղային եւ ցամաքային սահմանային անցակէտերու վերաբացման նախապատրաստական աշխատանքները։ Այսուհանդերձ, թուրք նախարարը յստակացուց, որ սահմանին բացումը կապուած կը մնայ հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան եւ Պաքուի շահերուն։
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ուրալօղլու յայտնեց, որ այս հարցով հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ։ Անոր համաձայն՝ անհրաժեշտ աշխատանքները կատարուած են թէ՛ Կարս-Գիւմրի երկաթուղային կապի եւ թէ՛ Ալիճան ցամաքային անցակէտի վերաբացման համար։
Թուրք նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ համաձայնութեան գոյացման պարագային սահմանին բացումը երկար ժամանակ պիտի չպահանջէ, սակայն ընդգծեց Ատրպէյճանի զգայնութիւնները նկատի ունենալու անհրաժեշտութիւնը։
Այս դիրքորոշումը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Անգարա հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը պայմանաւորէ Պաքուի հետ բանակցութիւններու արդիւնքով՝ հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ առանձին ընթացող երկխօսութեան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան օրեր առաջ յայտարարած էր, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը հասունցած է այնպիսի հանգրուանի, ուր սահմանը կրնայ բացուիլ որեւէ պահու։
Սակայն Անգարայի նոր յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ սահմանին վերաբացման վերջնական որոշումը տակաւին պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի հետ քաղաքական համաձայնութեամբ։
Հայ-թրքական սահմանը փակ է 1993 թուականէն ի վեր։ Թէեւ կողմերը համաձայնած էին զայն բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, այդ համաձայնութիւնը դեռ չէ գործադրուած։