Ինչպէ՞ս կարելի է համաձայն ըլլալ Նիկոլ Փաշինեանի հետ
- (0)

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը իր կառավարութեան օրակարգին մաս չի կազմեր՝ Նիկոլ Փաշինեան տեղի կու տայ Անգարայի ճնշումներուն եւ կը հրաժարի միջազգային բեմին վրայ պատմական ճշմարտութիւնը պաշտպանելէ։
Ան արդէն իսկ կասկածի տակ դրած էր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին, հարց տալով, թէ կարելի՞ է արդեօք ապացուցել զոհերուն թիւը՝ գտնելով անոնց անունները։
Նիկոլ Փաշինեան Կը Վերահաստատէ Իր Դիրքորոշումը
Փաշինեանի կառավարութիւնը կ՚ընտրէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը դուրս ձգել իր քաղաքական օրակարգէն։ Ան այս մասին յայտարարած էր Ազգային ժողովին մէջ, ապա նոյն դիրքորոշումը վերահաստատած՝ Համահայկական գագաթնաժողովի ընթացքին։
Այս որոշումը ուղղակիօրէն կը ծառայէ Էրտողանի քաղաքական ռազմավարութեան։ Թուրքիա կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը ձգտի, որ այս հարցը այլեւս խոչընդոտ չհանդիսանայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջը իր կառավարութեան օրակարգէն դուրս բերելով՝ Փաշինեան կ՚իրականացնէ Անգարայի փափաքը՝ բնականոնացման անունով լռութեան մատնել ճանաչման պահանջը։
Այսպիսով, Հայաստանի կառավարութեան որոշումը կը համընկնի թրքական իշխանութիւններու նպատակներուն հետ։ Արդարութեան պահանջը կը վերածուի դիւանագիտական խոչընդոտի, իսկ զոհերուն յիշատակը՝ քաղաքական սակարկութեան առարկայի։
Սակայն զիջումը խաղաղութիւն չ՛երաշխաւորեր։ Ոչ մէկ հիմք կայ ենթադրելու, որ այս զիջումը երկար ժամանակի վրայ պիտի գոհացնէ Անգարան եւ Պաքուն։ Ընդհակառակը, իւրաքանչիւր նահանջ կրնայ հաստատել, որ ճնշումը արդիւնք կու տայ, եւ դուռ կրնայ բանալ նոր պահանջներու առջեւ։
Այսօր Հայաստանէն կը պահանջուի հրաժարիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումէն։ Վաղը ի՞նչ պիտի պահանջուի Հայաստանէն՝ յանուն բնականոնացման, անվտանգութեան կամ խաղաղութեան։ Եւ այդ պարագային Փաշինեանի կառավարութիւնը ի՞նչ նոր զիջում պիտի ներկայացնէ իբրեւ անխուսափելի։
Նախադէպը արդէն գոյութիւն ունի։ Իլհամ Ալիեւ կը պահանջէ, որ Հայաստան փոփոխութեան ենթարկէ իր Սահմանադրութիւնը՝ նախքան խաղաղութեան համաձայնագիրին վերջնական ստորագրումը։ Անգարա կը մղէ Հայաստանը ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը դուրս բերելու իր օրակարգէն, իսկ Պաքու խաղաղութեան հաստատումը կը պայմանաւորէ Հայաստանի սահմանադրական հիմնական դրոյթներու փոփոխութեամբ։
Այս պահանջներուն դիմաց Հայաստանի կառավարութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ կը նահանջէ, ապա իր ժողովուրդէն կը պահանջէ այդ նահանջը ընդունիլ իբրեւ իրապաշտութեան գին։
Այս տրամաբանութիւնը վտանգաւոր է։ Երբ ճնշումը զիջում մը կ՚ապահովէ, դիմացինին չի սորվեցներ կանգ առնել։ Ընդհակառակը, անոր կը սորվեցնէ, որ կրնայ աւելին պահանջել։ Երբ կառավարութիւն մը կը հրաժարի սկզբունքային դիրքորոշում մը պաշտպանելէ՝ դրացիներուն բարի կամեցողութիւնը շահելու ակնկալութեամբ, անոնց ճնշումը չի կասեցներ, այլ կը քաջալերէ զայն շարունակելու։
Այս դիրքորոշումը աւելի կը խորացնէ Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետը։ Այդ անջրպետը արդէն իսկ խորացած էր, երբ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Արցախը երբեք հայերուն չէր պատկանած, այլ՝ Ազրպէյճանին։ Այսօր, հրաժարելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումէն, ան աւելի եւս կը լայնցնէ այդ անջրպետը։
Սփիւռքը իր բոլոր ուժերով պիտի շարունակէ պայքարը յօգուտ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ անոր ընդունման։ Ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ անկէ պահանջել հրաժարիլ այդ պայքարէն։ Անգարայի եւ Երեւանի մէջ առնուած որեւէ որոշում չի կրնար ջնջել զոհերուն յիշատակը, ո՛չ ալ լռեցնել արդարութիւն պահանջող անձերն ու շրջանակները։
Ուրեմն, հարցումները պէտք է ուղղել առանց շրջանցումներու. կա՞յ արդեօք հայ մը, որ համաձայն է Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուած պայքարէն հրաժարելու հարցին մէջ։ Կա՞յ հայ մը, որ համաձայն է անոր այն պնդումին, թէ Արցախը կը պատկանի Ազրպէյճանին։
Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական սակարկութեան ենթակայ հարց չէ։ Աշխարհի 33 պետութիւններ ճանչցած են զայն, իսկ միջազգային կառոյցներ եւ կազմակերպութիւններ նոյնպէս իրենց դիրքորոշումը յայտնած են այս հարցին շուրջ։ Այդ ճանաչումը ո՛չ Անգարայի հաւանութենէն, ո՛չ ալ Հայաստանի որեւէ կառավարութեան ժամանակաւոր քաղաքական հաշիւներէն կախեալ է։
Խնդիրը այն չէ, որ հայերը կը յիշեցնեն Ցեղասպանութիւնը։ Խնդիրը այն է, որ Թուրքիան կը ժխտէ զայն եւ կը փորձէ արգելակել անոր միջազգային ճանաչումը։ Զոհերուն յիշատակը իբրեւ խաղաղութեան սպառնալիք ներկայացնելը կը նշանակէ պատասխանատուութիւնը բարդել անոնց վրայ, մինչդեռ իրական պատասխանատուութիւնը կը պատկանի անոնց, որոնք կը շարունակեն ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը։
Խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է։ Սակայն իսկական խաղաղութիւն մը կարելի չէ կառուցել պատմական ճշմարտութեան ջնջումին, լռութեան եւ իրերայաջորդ պահանջներուն ենթարկուելով։ Եթէ իւրաքանչիւր զիջում նոր պահանջի մը դուռ կը բանայ, ապա Փաշինեանի կառավարութիւնը Հայաստանը խաղաղութեան չի մօտեցներ, այլ զայն կը ներքաշէ ճնշումներու եւ նահանջներու անվերջանալի շրջանակի մը մէջ։
Հայաստանի վարչապետը պարտաւոր է պաշտպանել պետութիւնն ու անոր քաղաքացիները։ Ան նաեւ պարտաւոր է պաշտպանել իր ժողովուրդին արժանապատուութիւնն ու պատմութիւնը։ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումէն հրաժարիլը պիտի չանհետացնէ պատմական ճշմարտութիւնը։ Այդ քայլը ո՛չ Էրտողանի, ո՛չ ալ Ալիեւի քաղաքականութիւնը պիտի փոխէ։ Ընդհակառակը, անոնց կրնայ միայն ցոյց տալ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը տակաւին պատրաստ է տեղի տալու։
Եւ երբ զիջում կը կատարուի առանց երկարատեւ երաշխիքներ ապահովելու, յաջորդ պահանջը երբեք չ՛ուշանար։
Ինչպէ՞ս կարելի է համաձայն ըլլալ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։