Գանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը
Յուլիս 22, 2019Շաբաթ, 20 Յուլիս 2019-ին, Օթթաուայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի դիւանի անդամներ՝ ...