«Տէր Զօրի համալիրը վերաշինել կը նշանակէ նոր շունչ տալ մեր պահանջատիրական պայքարին». Արամ Ա․ Վեհափառ
Մայիս 26, 2022ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, թեմի միաբան հայրերուն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ժամանած հայկական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու մեծաթիւ ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ ապահովական ...