Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան առթիւ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ
Հոկտեմբեր 05, 2026ԼԱՒԱԼ.- Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2026-ին, Լաւալի Bon-Pasteur եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ, Ս. Գէորգ Զօրավարի եւ եկեղեցւոյն Անուանակոչութեան առթիւ, որուն ընթացքին պատարագեց եւ քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան: Պատարագին սպասարկեցին Հոգշ. ...