Համազգայինի Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Անահիտ Պալեանի «Ապրումներ» հատորի ներկայացումը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային միութեան Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ գրական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր գրատօն՝ նուիրուած մոնթրէալահայ գրող, հանրային-մշակութային գործիչ եւ «Հորիզոն» Մանկապատանեկանի խմբագիր Անահիտ Պալեանի «Ապրումներ» բանաստեղծական հատորին։
Մշակութային այս ձեռնարկը իրականացաւ Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։ Հանդիսութեան ներկայ էին Գերպ. Տէր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան, գիրքին հեղինակը, միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչներն ու հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ հիւրաբար ներկայ էր Հոգշ. Տէր Մովսէս Աբեղայ Եօսուլքանեան։
«Վարագ» մասնաճիւղի ատենապետ Ռաֆֆի Չափանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ըսելով որ իւրաքանչիւր նոր հայերէն հրատարակութիւն կարեւոր ներդրում մըն է մեր լեզուն պահպանելու եւ կենդանի պահելու սուրբ աշխատանքին։ Ապա Հանդիսութիւնը վարեց ընկերուհի Անի Միսաքեան Եագուպ:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկաները ծանօթացան հեղինակ Անահիտ Պալեանի կենսագրականին եւ անոր կրթական ու խմբագրական երկարամեայ վաստակին։
Օրուան յայտագիրը յատկանշուեցաւ գեղարուեստական ճոխ բաժինով, որ ներշնչուած էր գիրքի չորս գլուխներէն՝ Հայրենիք, Մայր, Սէր, Գեղօններ եւ Ձօներ։ Հատորէն ասմունքով հանդէս եկան Գէորգ Հայթեան՝ «Հայ զինուորին», Գեղարդ Շահինեան եւ Նանոր Թիւթիւնճեան՝ «Իմ հայ ժողովուրդ», Նարեկ Աւետիսեան՝ «Մայր իմ», Արա Չափանեան՝ «Վիշտն Արարատին» եւ Վաչէ Սիսեռեան՝ «Հայ ուսուցիչ» բանաստեղծութիւններով։ Երաժշտական կատարումներով մթնոլորտը ճոխացուցին Բարտի, Լիւսի եւ Մէյրի Եագուպները, որոնք Հարոլտ Պիրսթընի «Յիշատակներ»-ը նուագեցին ջութակով, Վանա Գոչեան՝ սրինգով նուագեց «Քելէ Քելէ» երգը, ապա Ռաֆֆի Չափանեան տուտուկով նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն.
Ձեռնարկին երկրորդ բաժինին հանդէս եկաւ տիկին Անահիտ Պալեան եւ ներկայացուց իր գիրքին բաժինները, ընթերցելով գիրքէն ընտրուած մասեր, ապա բաժիններ ալ կարդաց իր դուստրը՝ Բալիկ Պալեանը։
Յայտագիրի աւարտին Հայր Սուրբը փոխանցեց իր երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքը գրողին, վարչութեան եւ ներկաներուն, ապա Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ համայնքի անդամներուն, որոնք իրենց քաջալերական մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ սատար կանգնեցան հայ մշակոյթի եւ գրականութեան պահպանման նուիրական այս առաքելութեան։
Առ ի գնահատական տիկին Անահիտ Պալեան բաշխեց գրքոյկներ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերին ձեռնակին։
Հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան մտերմօրէն զրուցելու եւ միտքեր փոխանակելու հեղինակին հետ։
ԱՆԻ ՄԻՍԱՔԵԱՆ ԵԱԳՈՒՊ
Լուսանկարները՝ ԱՐՔԱՅ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆԻ