Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան առթիւ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ
- (0)

ԼԱՒԱԼ.- Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2026-ին, Լաւալի Bon-Pasteur եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ, Ս. Գէորգ Զօրավարի եւ եկեղեցւոյն Անուանակոչութեան առթիւ, որուն ընթացքին պատարագեց եւ քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան: Պատարագին սպասարկեցին Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյն Դպրաց Դասն ու «Կաքաւիկ» Կրտսեր Դպրաց դասը: Արարողութեան մասնակցեցան պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքի հաւատաւոր ժողովուրդը:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Քրիստոսի պատգամն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդու համար՝ չվախնալ, այլ վստահիլ Աստուծոյ: Այս պատգամը մեր եկեղեցւոյ հայրերը, մեր սուրբերը, մեր հայրապետները, բոլորը որպէս պատգամ ստացան եւ ապրեցան։ Իրենց կեանքի օրինակով ցոյց տուին, որ հաւատարիմ են Աստուծոյ, հաւատարիմ են իրենց ժողովուրդի սրբութիւններուն եւ արժէքներուն։ Եւ անոնցմէ մէկն է Սուրբ Գէորգ Զօրավարը», ապա աւելցուց. «Եթէ մենք պատմութեան էջերը բանանք, կը տեսնենք, թէ լեցուն են տագնապներով, նեղութիւններով, հալածանքներով, յատկապէս քրիստոնէական կեանքի հալածանքով։ Եւ այդ պատճառով, երբ կը խօսինք Սուրբ Գէորգի մասին, նախ անդրադառնանք քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ մեծցած, հասակ առած, թրծուած զինուորականի մը, որ իր շրջապատին մէջ յարգուած աստիճանաւոր մըն էր, բանակին մէջ անուն շահած, փառք ունեցող, դիրք ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր։ Բայց այդ բոլորէն վեր դասեց Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը: Չվախցաւ տագնապներէ, չվախցաւ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելէ՝ յանուն Աստուծոյ, յանուն ճշմարտութեան, յանուն բացարձակին, յանուն միակին»:
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին, ըսաւ. «Այսօր ես Սուրբ Գէորգի այս տօնը եւ տօնին հետ կապուած պատգամը կը կապեմ նաեւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին։ Ճիշդ է, որ մենք Խաչվերացի տօնը տօնեցինք երկու շաբաթ առաջ, բայց այսօր Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնն է, որ յատուկ է հայութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ։ Խաչը զօրութեան, յաղթութեան, սիրոյ, նուիրումի եւ ծառայութեան խորհրդանիշն է։ Քրիստոսէ առաջ խաչը անարգ, մահուան գործիք էր, Քրիստոսով խաչը սրբուեցաւ, մաքրուեցաւ եւ մեզի համար դարձաւ փրկութեան, պահպանութեան, հաւատարմութեան, զօրութեան, ծառայութեան եւ սիրոյ խորհրդանիշ։ Սուրբ Գէորգ խաչը դրաւ իր ուսերուն վրայ եւ կրեց խաչին քաղցրութիւնը»:
Ապա իր քարոզը եզրափակեց, ըսելով. «Թող Աստուած զօրացնէ եւ պայծառացնէ մեր եկեղեցին, մեր ժողովուրդը եւ մեր ընտանիքները: Մեր զաւակները հաւատարիմ պահէ մեր ազգային արժէքներուն եւ սրբութիւններուն։ Չընկրկինք ու չտատամսինք, այլ հաստատուն մնանք մեր հաւատքին, աղօթքով զօրանանք, որպէսզի արժանանանք ճշմարիտ յաւերժական կեանքին»:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը, Դպրաց դասը, ՀՄԸՄ-ի Լաւալի սկաուտները եւ հաւատաւոր ժողովուրդը, թափօրով ուղղուեցան դէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակը, ուր տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:
Նշենք, որ 21-26 սեպտեմբեր շաբաթը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Ուխտի շաբաթ յայտարարուած էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Ջրօրհնէք, Խնկօրհնէք, Իւղօրհնէք, Վարդօրհնէք, Նշխարօրհնէք եւ Աղօրհնէք, իսկ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մատաղի պատրաստութիւն եւ դաշտահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Լաւալի սկաուտներն ու ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղի անդամները:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն Մետիա»